Որոնել

2024.08.02 Beato Stefano Douayhy, patriarca di Antiochia dei Maroniti

Երանելիներու շարքին դասուեցաւ Մարոնիներու երբեմնի Պատրիարք Աստուծոյ Ծառայ Սթեֆան Տուէյհի

Արարողութեան ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Կարդինալ Սեմերարոն Երանելին ներկայացուց` որպէս «բարի հովիւ որ կը տառապի իր հօտին հետ եւ ամէն բան ի գործ կը դնէ զայն աճեցնելու, ապշտապներու ու անվտանգ պահելու» նմանութեամբն Քրիստոսի։ Իսկ այսօր, ընդհակառակը` կան մարդիկ որ փոխանակ իրենք զիրենք հասարակաց բարիքի ծառայութեան տակ դնելու կը մտածեն իրենց անձնական բարօրութեան» աւելցուց Ծիրանաւորը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 2 օգոստոս 2024ի երեկոյեան Լիբանանի մէջ Երանելի հռչակուեցաւ Մարոնիներու երբեմնի Պատրիարք Աստուծոյ Ծառայ Սթեֆան Տուէյհի (1630 – 1704). Երանացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Պքըրքէի մէջ նախագահութեամբ Քահանայապետի ներկայացուցիչ Սուրբերու Դատի Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոյի։

Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 13 հազար հաւատացեալներ։

Պատրիարք Տուէյհի ծնած էր Էտհէնի մէջ 2 օգոստոս 1630ին եւ Աստուծոյ ծառայ հռչակուած էր Պենետիկտոս ԺԶ-ի կողմէ 2008 թուականին։

Արարողութեան ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Կարդինալ Սեմերարոն Երանելին ներկայացուց` որպէս «բարի հովիւ որ կը տառապի իր հօտին հետ եւ ամէն բան ի գործ կը դնէ զայն աճեցնելու, ապշտապներու ու անվտանգ պահելու» նմանութեամբն Քրիստոսի։ Իսկ այսօր, ընդհակառակը` կան մարդիկ որ փոխանակ իրենք զիրենք հասարակաց բարիքի ծառայութեան տակ դնելու կը մտածեն իրենց անձնական բարօրութեան» աւելցուց Ծիրանաւորը։

«Տուէյհի Պատրիարքը իր Մարոնի Եկեղեցւոյ Առաջնորդի առաքելութիւնը ապրեցաւ երեք տասնեակներ, շատ դժուար տարիներու ընթացքին, ան չկարողացաւ ոչ իսկ օր մը ապրիլ անդորրութեան մէջ եւ յաճախ ստիպուած եղաւ հեռանալ իր պատրիարքական աթոռէն, ապաստան փնտռելով ապահով վայրերու մէջ» նկատել տուաւ Սուրբերու Դատի Վերատսեչութեան վերատեսուչը վերահաստատելով, թէ Ան ոչ միայն հովիւ էր այլ նաեւ Բարի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2024, 09:00