Վրդովմունքի և վրէժխնդրութեան մթնոլորտի մը մէջ Յոբելեանը յոյսի ուղի է. Գերապ. Ֆիզիքելլա
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
«Յոյս եւ ներում». երկու բանալի բառեր, որոնք առանցքը կազմեցին Աւետարանութեան Վերատեսչութեան Համա-վերատեսուչ եւ 2025ի Յոբելեանի պատասխանատու` Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլայի, «Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում» եկեղեցական շարժումի Ռիմինիի տարեկան «միթինկի» ելոյթին, որուն ընթացքին ան բացատրեց 2025ին նշուող «Սուրբ Տարուան» նշանակութիւնը, զոր Ֆրանչիսկոս Պապը յայտարարեց «Spes non confundit – Յոյսը յուսախաբ չի թողուր» կոնդակով։
«Առանց յոյսի մենք կարող չենք կեանքին էականը ըմբռնել, յոյսը կը պատկանի քրիստոնէական կեանքի էականին, որովհետեւ հաւատքի եւ սիրոյ հետ միասին կը ներկայացնէ հաւատացեալի ապրելաոճը» ըսաւ ի միջի այլոց Գերապ. Ֆիզիքելլան մատնանշելով, որ Յոբելեանի հռչակումին իւրօրինակութիւնը կը կայանայ երկու տարրերու միութեան մէջ. Նոյնինքն յոյսը, բայց նաեւ «նուիրելու, մասնակցելու եւ յոյսի շօշափելի նշաններ ի գործ դնելու կարողութիւնը» ըսաւ Ան հաստատելով, որ այս մէկը կը պահանջէ «համայն եկեղեցւոյ, մարդկութեան, անձնական ուղեւորութիւն», որպէս ուխտաւորներ, ժամանակահատուածի մը մէջ, ուր առօրեայի մէջ ականատես ենք բազմաթիւ բռնութիւններու։
Աւետարանութեան Վերատեսչութեան Համա-վերատեսուչը խօսեցաւ Յոբելեանի ընթացքին նաեւ մեղքերու թողութեան մասին նշելով, որ ասիկա Աստուծոյ պարգեւ մըն է ու թէ «Յոբելեանը հռչակումն է մեծ ներումի մը, որ մեզի կը պարգեւուի»։
«Աստուծոյ ներումի փորձառութիւնը տեղի կ՛ունենայ ուղեւորութեան մը ընթացքին. Ուխտագնացութիւնը, Սուրբ Դուռէն մուտքը, հաւատքի դաւանանքը եւ բարեսիրութեան գործերը»։ Հռչակումը այն է թէ Աստուած կու գայ քեզի հետ հանդիպելու, նշեց ի միջի այլոց գերապայծառ Ֆիզիքելլան, որ ապա խօսքի աւարտին յոյս յայտնեց, որ Եկեղեցին ապրելով Յոբելեանը կարողանայ միշտ աւելիով համոզուած ըլլայ «Աւետարանը բոլորին տանելու գեղեցկութեամբ ու պատասխանատուութեամբ։ «Որովհետև Յոբելեանը աւետարանական իւրօրինակ արտայայտութիւն է» հաստատեց Ան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ