Քիեւի Պապական նուիրակը. «Եթէ խաղաղութիւն կ՝ուզես, խաղաղութիւն պատրաստէ»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ռիմինիի մէջ 20 օգոստոսին սկիզբ առած միջազգային հանդիպումին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Քիեւի մէջ Պապական նուիրակ գերապայծառ Վիսվալտաս Քուպոքաս։
Առցանց ելոյթի ընթացքին պապական նուիրակը անդրադարձաւ Ուքրանիոյ մէջ շատ մը անձերու կողմէ իրականացուցած, «բարի ժեսթերը, որոնք պատերազմի մթնոլորտին մէջ կը դառնան մարտիրոսական ժեսթեր, բարեգործութեան երեւակայութեան պտուղ։»
Գերապայծառ Քուքպոքաս յիշեց Ուքրանացի կնոջ մը առատաձեռնութիւնը, ով բազմաթիւ ծանօթներուն օգնութեամբ 60 միլիոն տոլար բերաւ երկրին։
Յիշեց Մարիափոլէն տարհանուած 800 քաղաքցիները շնորհիւ Բողոքական ժողովրդապետութեան օգնութեան։
«Այս է պատճառը» ընդգծեց Գերպ Քուլպոքա, «թէ ինչու ես յոյսս կը դնեմ քաղաքացիական հասարակութեան վրայ որ իր սիրտը կ՝ընդունի մարտահրաւէրները եւ աւելի մեծ հնարաւորութիւն ունի ազդու ըլլալու»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ