Որոնել

Կարդինալ Վինչենցօ Փալիա Կարդինալ Վինչենցօ Փալիա 

Գերպ. Փալիա. Խաղաղութիւն հաստատելու համար անհրաժեշտ է Հոգեւոր դարձը

Ռիմինիի միջազգային հանդիպումի ծիրէն ներս կեանքի համար Քահանայապետական կաճարի նախագահ, գերպ Վինչենցօ Փալիա Վատիկանի լրատուամիջոցներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին վերահաստատեց աշխարհի մէջ քրիստոնեաներուն խաղաղութիւնը կերտելու մէջ կարեւոր դերը. «նաեւ եկեղեցիները պէտք է քոյրեր ըլլան՝ ժողովուրդները եղբայրացնելու համար»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կեանքի համար քահանայապետական կաճարի նախագահ, գերպ. Փալիա Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին խօսքը կեդրոնացուց աշխարհի մէջ խաղաղութիւն կերտելու վրայ, յարելով որ խաղաղութիւնը կը կառուցուի՝ սիրտով խնամք տանելով տառապողներուն ու այս մէկը կը ծնի հոգեւոր ապաշխարութենէն, շնորհիւ Աւետարանի բացայայտման։

Գերպ Վինչենցօ Փալիա նկատել տուաւ, որ այսօր ամէն մէկ անհատ ամէն մէկ երկիր ներանձնացած է, տնտեսութիւնը ներխուժած է աշխարհին մէջ, ամէն մէկը առանձնացած է իր շահը փնտռելու մէջ եւ աշխարհը կ՝ապրի կտոր կտոր համաշխարհային պատերազմ, այնպէս ինչպէս կ՝ըսէ Քահանայապետը, յարեց ծիրանաւորը շեշտելով որ այսօր հրամայական է հոգեւոր դարձը ու հասկնալը, որ բոլորս պատասխանատուութիւնը ունինք ։

Կեանքի համար քահանայապետական կաճարի նախագահը դիտել տուաւ, որ բոլորս կրնանք բան մը ընել խաղաղութիւն կերտելու համար՝ աղօթելով, համագործակցելով բոլոր անոնց հետ որոնք յանձնառու են խաղաղութեան զօրակցութեան նպաստելուն։

«Պէտք ենք անցնիլ կործանարար անհատականութիւնէն դէպի մենք՝ եղբայրութիւնը ու ասիկա Պապին խօսած յեղափոխութիւնն է ու կը մաղթեմ, որ բոլոր եկեղեցիները, ոչ միայն կաթողիկէները կը միանան», ըսաւ Կարդինալ Փալիա աւելցնելով, «մենք բոլորս՝ քրիստոնեաները պատասխանատուութիւը ունինք իրականութիւնը փոխելու ու պէտք է ամէն օր աւետարանակը կարդալ ու ընդունիլ, այն ատեն մեր ներքին լարուածութիւնը կը դառնայ փոփոխութեան պատմական իրականութիւն»։

Կեանքի համար քահանայապետական կաճարի նախագահը զրոյցը աւարտեց հրամայական նկատելով ընտանիքի, տան մէջ խաղաղութիւն կառուցելը նշելով որ խաղաղութեան արուեստագէտներ դառնալու համար պէտք է տունէն սկսիլ։

«Բացարձակապէս այո՛, որովհետեւ պատերազմները կը սկսին տունէն, յետոյ կը դառնան ողբերգութիւն։ Այս իմաստով խաղաղութիւն կը նշանակէ սիրել եւ սիրուիլ, հոգ տանիլ մէկու միւսին ու կը յաղթենք պատերազմները»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/08/2024, 11:21