2025 Յոբելեան. Սուրբ Դռներու բացման մասին յստակացումներ
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Ի տես յառաջիկայ 2025ի նշուելիք Յոբելենական տարուան, Աւետարանութեան Վերատեսչութեան աշխարհի աւետարանութեան հիմնարար հարցերու բաժանմունքը պատասխանելով միջազգային սրբավայրերու եւ աթոռանիստ եկեղեցիներու սուրբ դռներու բացումները կատարելու կարելիութեան մասին բարձրացած հարցին- կը հաստատէ թէ «հասկնալով հանդերձ, պաշտամունքայինն ու հովուական բնոյթ ունեցող պատճառները, միակ սուրբ դռները, որոնք պիտի բացուին Յոբելենական Սուրբ Տարւոյն առիթով Սուրբ Պետրոս Մայր Տաճարի եւ Հռոմի Քահանայապետական երեք պազիլիքաներու դռներն են ` այսինքն Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս, Մարիա Մաճճորէ եւ Պատերէն դուրս Սուրբ Պօղոս տաճարներու դռները , ինչպէս նշուած է Յոբելենական Տարին հռչակող կոնդակին մէջ։
Նախատեսուած է միակ բացառութիւն մը, որ իղձն է Սրբազան Պապին, այն է բանալ բանտի մը Սուրբ Դուռը, բանտարկեալներուն նուիրելու մօտիկութեան շօշափելի նշան մը»։
Վատիկանի Վերատեսչութեան գրութիւնը կը յիշեցնէ, որ «Յոբելենական տարուայ իւրօրինակ և յատկանշող նշանը» միշտ եղած է «ներումը», որ «նպատակ ունի արտայայտել Աստուծոյ ներողամտութեան լիութիւնը, որ անսահման է», ապաշխարութեան խորհուրդի, բարեգործութեան և յոյսի նշաններու միջոցաւ»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ