Որոնել

Զէնքեր, Զէնքեր,   (ANSA)

Սուրբ Աթոռը. Արգիլել մահացու ինքնավար զէնքերը։ Մեքենան կ՝ընտրէ, մարդը սիրտով կ՝որոշէ։

ՄԱԿ-ի եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դիտորդը ելոյթ ունեցաւ կառավարական փորձագէտներուն խումբի ժողովին։ Ան շեշտեց որ արուեստական բանականութենէն առաջնորդուող սպառազինութիւնը «Երբեք պէտք չէ ընտրուի վերացնելու համար մարդ արարածի կեանքը»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ժընեւի մէջ 27 օգոստոսին, սկիզբ առաւ մահացու ինքնավար զէնքի համակարգերու մասին, կառավարական փորձագէտներուն խումբի երկրորդ նիստը, որուն Սուրբ Աթոռի անունով ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿ-ի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ, Սուրբ Աթոռին մնայուն դէտ, Արք Էթթորէ Պալեսթրերօ։

«Սուրբ Աթոռին համար խիստ հրատապ է. տրամադրել ամուր իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնող գործիք մը, որ կ՝արգիլէ այսպէս ըսուած «մահացու ինքնավար զէնքերու» օգտագործումը եւ միեւնոյն ժամանակ «անյապաղ անմիջական դադարում սահմանել անոնց մշակման կամ օգտագործումին համար», ըսաւ Գերպ Պալեսթրերօ

Ֆրանչիսկոս Պապին արուեստական բանականութեան մասին խօսքը

Մէջբերելով վերջերս Իտալիոյ մէջ, աշխարհի եօթը հզօր երկիրներուն ղեկավարներուն արուեստականութեան բանականութեան մասին գումարած ժողովին ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապին արտասանած խօսքը, Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը յիշեց, քահանայապետը յորդորած է վերանայելու «մահացու ինքնավար զէնքերուն օգտագործումն ու զարգացումը ու ի վերջոյ արգիլել անոնց օգտագործումը դիտել տալով որ դա կը սկսի մարդկային աւելի մեծ եւ համարժէք վերահսկողութիւնը մտցնելու համար արդիւնաւէտ եւ շօշափելի յանձնառումէն։

Ինքնավար զէնքերը բարոյապէս պատասխանատու էութիւն չեն

Սուրբ Աթոռի համար ընդգծեց Վատիկանի դիւանագէտը, «ինքնավար սպառազինութեան համակարգերը չեն կրնար համարուիլ բարոյապէս պատասխանատու էութիւններ։ Մարդ արարածը, բանականութեամբ օժտուած անձը «ունի դատողութեան եւ բարոյական որոշումներ կայացնելու կարողութիւն, որ կարելի չէ կրկնօրինակել «ալկորիթմներուօ ոչ մէկ շարքով, որքան ալ անոնք բարդ ըլլան։

Մեքենան կ՝ընտրէ, մարդը կ՝որոշէ սիրտով

Գերպ Պալեսթրերօ յիշեց «ընտրութեան» եւ «որոշումի» տարբերութիւնը մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը «մարդը ոչ միայն կ՝ընտրէ այլ սիրտով կ՝որոշէ»։ Բարոյական որոշումը այն որոշումն է, որ հաշուի կ՝առնէ ոչ միայն գործողութեան արդիւնքները, այլ անոնց մէջ գտնուող արժէքներն ու անոնցմէ բխող պարտականութիւնները»։ Այս իսկ պատճառով ընդգծեց սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը, անհրաժեշտ է պահպանել եւ ապահովել արուեստական բանականութեան ծրագիրներուն ընտրութեան համար մարդու համապատասխան վերահսկողութեան տարածք մը, որմէ կախեալ է միեւնոյն մարդկային արժանապատուութիւնը։

Նոր արուեստագիտութեան յառաջդիմութիւնները թող ծառայեն ընդհանուր բարօրութեան

Գերապայծառ Պալիսթրերօ ելոյթը աւարտեց յիշեցնելով որ «Աւելի բարդ զէնքերու զարգացումը լուծում չէ ու օգուտները որոնք մարդկութիւնը կարող են ստանալ ներկայ արհեստագիտական յառաջընթացէն, կախեալ են այնպէս ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապ գրած է «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականին մէջ թէ որքանով այդ յառաջընթացը կ՝ուղեկցուի պատասխանատուութեան եւ արժէքներուն համարժէք զարգացումով, որոնք արհեստագիտութեան յառաջընթացը կը դնեն ի սպաս մարդկային համապարփակ զարգացման եւ ընդհանուր բարօրութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2024, 13:07