Կարդինալ Փարոլինի կոչը Ասսիզիէն «Պատերազմը ոչ մէկուն օգուտ կը բերէ»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կիրակի 11 օգոստոսին, Սրբուհի Քիարային տօնին կապակցութեամբ, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ասսիզի Սրբուհի Քիարային նուիրուած տաճարին մէջ նախագահեց Սուրբ պատարագին ու այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու աշխարհի խաղաղութեան համար յիշելով նաեւ ֆրանչիսկոս Պապին կոչը, պատերազմը բոլորին համար պարտութիւն է ու երբեք ոչ մէկուն օգուտ կը բերէ»։
Մտահոգութիւնը Քուրսքի վրայ յարձակման կապակցութեամբ։
Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, տրուած ըլլալով որ վերջերս այցելած էր Ուքրանիա, սուրբ Պատարագի աւարտին պատասխանեց լրագրողներու որոշ հարցումներուն, որոնց շարքին Ռուսաստանի Քուրսքի մարզի վրայ Ուքրանիոյ յարձակման վերաբերեալ։
«Ասոնք շատ մտահոգիչ զարգացումներ են, որովհետեւ կը նշանակէ նոր ճակատներու բացում» ըսաւ կարդինալը շեշտելով « Այս առումով խաղաղութեան հնարաւորութիւնը աւելի ու աւելի կը հեռանայ։
Սիրել սէրէ քաղցած աշխարհի մը մէջ
Վատիկանի Պետական քարտուղարը, քարոզին մէջ խօսեցաւ աշխարհի խաղաղութեան մասին։ Ան շնորհակալութիւնը յայտնելով գերապայծառ Տոմենիքօ Սորենթինոյին, Քլարիսսէ միաբանութեան քոյրերուն, Ֆրանչիսկեաններուն, կրօնաւորներուն, քաղաքացիական իշխանութիւններուն, որոնք ներկայ էին պատարագի, ընդգծեց սիրելու կարեւորութիւնը « աշխարհը մը մէջ որ միշտ աւելի աղքատ է սէրէ եւ միաժամանակ շատ քաղցած է սէրէ» ըսաւ Ան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ