Կարդինալ Փիցապալլա. Խաղաղութիւնը այսօր դժուար է, հրադադարը հրատապ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ռիմինի քաղաքին մէջ կազմակերպուած միջազգային հաւաքի առնչութեամբ Երուսաղեմի Լատինաց պատրիարք, կարդինալ Փիցապալլա Վատիկանի լրատուամիջոցներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ Սուրբ Երկրի մէջ ժողովուրդին ապրած «փոքրիկ յոյսերուն» մասին.
Անդրադառնալով Սուրբ Երկրի մէջ ներկայ իրավիճակին, ուր կը շարունակուի Իսրայէլի եւ ՀԱՄԱՍ-ի միջեւ հակամարտութիւնը Երուսաղեմի լատինաց պատրիարքը նշեց , որ այս պահուն կարելի չէ խօսիլ խաղաղութեան մասին ու շտապ կարիքը կը գգացուի հրադադարը եւ ռազմական գործողութիւնները ընդհատելու՝ սկսելու համար ապաքինման գործընթացը եւ ստեղծելու իրարու միջեւ վստահութիւն»։
Կարդինալ Փիցապալլա շեշտեց, որ «Ճանապարհ մը գոյութիւն ունի, սակայն պաշտօնական մակարդակի վրայ անոր հետեւելու փափաքը կը պակսի ու կը զգացուի պահանջը քաղաքական եւ կրօնական ղեկավարութեան, որ ճգնաժամի մէջ է»։
Պզտիկ յոյսեր
Կարդինալ Փիցապալլա նշեց, որ յոյսը բառ մըն է, որ այս պահուն կը ծառայէ, սակայն պէտք չէ շփոթել բառերու իմաստը։
«Յոյս չնշանակեր, որ ամէն ինչ մօտ է իր աւարտին, կարճաժամկէտ հեռանկարները դրական չեն» մատնանշեց Կարդինալ Փիցապալլա աւելցնելով, որ «Յոյսը ներքին վերաբերմունք է, որ հնարաւորութիւն կու տայ Հոգիի աչքերով նայելու՝ այն ինչ որ մարդկային աչքերը չեն տեսներ», ու փոքրիկ յոյսերը կ՝աշխուժացնեն տեղւոյ եկեղեցին, որ յանձնառու է Կազայի եւ Այսր յորդանանի մէջ փոքրիկ համայնքի աջակցութեամբ, շուրջ 600 անձերու սնունդ բաշխելով։
Խաղաղութիւնը մշակոյթ է
Կարդինալ Փիցապալլա եզրափակեց հարցազրոյցը դիտել տալով, որ խաղաղութիւն ստեղծելու համար՝ բոլորս կրանք բան մը ընել.
«Խաղաղութիւնը մշակոյթ է, բան մը չէ որ մէկը պէտք է կատարէ. քաղաքականութեան, կրթութեան, լրատուամիջոցներուն յանձնառութիւնն է, աշխատիլ է 360 աստիճանով՝ համաշխարհայնացած աշխարհի մը մէջ, ուր ոչ մէկը կղզի է։ Խաղաղութիւնը մշակոյթ է», ըսաւ Երուսաղեմի Լատինաց պատրիարքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ