Որոնել

Պրազիլի մէջ Կարդինալ Տէ Մէնտոնկա. Պրազիլի մէջ Կարդինալ Տէ Մէնտոնկա. 

Կարդինալ Տէ Մէնտոնզա. Եկեղեցական հասարակութիւնը կը կերտէ որակեալ, վստահելի եւ իսկապէս բաց ներկայութիւն։

Սուրբ Աթոռի Կրթութեան եւ մշակոյթի համար վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Տէ Մէնտոնզա Պրազիլի Սան Փաուլօ անուան արքեպիսկոպոսարանին մէջ մասնակցեցաւ ակադեմիական հանդիսութիւններու եւ միջոցառումներուն խրախուսելով կրթութեան եւ մշակոյթի երկխօսութեան ոլորտէն ներս առաքելութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի մշակոյթի եւ կրթութեան համար վերատեսուչ, կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մէնտոնզա, Պրազիլ կատարած այցելութեան ընթացքին Սան Փաուլօ անուան առաջնորդարանին մէջ երեք օրերուն ընթացքին նախագահեց հանդիսութիւններուն եւ բանախօսութիւններուն։

Կիրակի 18 օգոստոսին, Սան Փաուլոյի մայր տաճարին մէջ նախագահեց Սուրբ Պատարագի՝ մայրաքաղաքին պաշտպան սուրբին տօնին առթիւ։ Յաջորդը օրը գոհաբանական Սուրբ Պատարագ մատուցեց Աստուածամօր վերափոխման նուիրուած Աստուածաբանական համալսարանի 75-րդ տարեդարձին եւ եկեղեցական իրաւագիտութեան բաժանմունքի հիմնադրութեան 10րդ տարեդարձին առթիւ։

Ծիրանաւորը ապա ելոյթ ունեցաւ որուն մէջ բարձր գնահատեց եկեղեցական երկու ուսուցչական հաստատութիւնները՝ եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան համար։

Մշակոյթը եւ Աւետարանացումը հարուստ են եթէ աստուածաբանութիւնը կենդանի է

«Կ՝ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեր կատարած աշխատանքի համար, ձեր յանձնառումին ու սիրոյ համար, որով դուք եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կ՝ապրիք այս շատ կարեւոր առաքելութիւնը» նշած է ծիրանաւորը ապա յիշած Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աստուածաբանութեան վերաբերեալ, «Աստուածաբանութիւն պէտք է նպաստէ «Միտքի վերաիմաստաւորման» ներկայ բանավէճին, ցոյց տալով որպէս իսկական քննադատական գիտելիք։

«Այս մշակոյթի փոփոխութեան ներքեւ, ժամանակի փոփոխութեան մէջ Աստուածաբանութիւնը անփոխարինելի է՝ գտնելու համար բանաւորութեան նոր տիպարներ, գիտելիքի կազմակերպման նոր ձեւեր» ըսաւ Կրթութեան եւ մշակոյթի համար վերատեսչութեան վերատեսուչը։

Միջոցառումի աւարտին, կարդինալ Տէ Մէնտոնզա պարգեւատրուեցաւ Սուրբ Պօղոս առաքեալի շքանշանով, ձեռամբ թեմի արք, կարդինալ Օտիլօ Փետրօ Շերէրի, ի նշան Փորթուկալցի աստուածաբանին Սուրբ Պօղոս անուան եկեղեցւոյ մէջ ունեցած ակադեմիական կարեւոր նպաստին՝ իր կատարած այցելութեամբ եւ տուած դասախօսութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2024, 13:38