Որոնել

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

Ֆրանչիսկոս Պապը Եւրոպան պիտի յորդորէ վերագտնելու իր հիմնադրութեան արժէքները

Ֆրանչիսկոս Պապի դէպի Պելճիքա եւ Լուքսամպուրկ առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, .Վատիկան Նիւզ«ը հարցազրոյց մը կատարեց Վատիկանի Պետական քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապին դէպի Պելճիքա եւ Լուքսամպուրկ առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, «Վատիկան Նիւզ«ը հարցազրոյց մը կատարեց Վատիկանի Պետական քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ։

«Պապին այցելութիւնը քաջութիւն եւ յոյս պիտի փոխանցէ Եւրոպայի մը, որ իր արմատները գտնելու մեծ կարիքը ունի ու այս ճամբորդութիւնը հովուական այցելութիւն մըն է՝ հիմնականին մէջ կեդրոնացած Պելճիքայի մէջ Լվանիոյ քաղաքին Կաթողիկէ համալսարանին 600 ամեակի տօնակատարութիւններուն վրայ, որ կը ներառէ նաեւ Լուքսամպուրկի կարճ այցելութիւն մը։։

Գիտութեան եւ հաւատքի միջեւ կապերը վերագտնելու կարեւորութիւնը

Քահանայապետին դէպի Պելճիքա ճամբորդութիւնը նախախնամական պիտի դառնայ նաեւ վերստին բացայայտելու համար գիտութեան եւ հաւատքի միջեւ սերտ կապերը, իրենց գործունէութեան համապատասխան ոլորտներուն մէջ եւ իրենց համապատասխան մեթոտներով ու թանկարժէք առիթ պիտի դառնայ որպէսզի Եւրոպան վերագտնէ իր հիմնադիրներուն արժէքները, ըսաւ Վատիկանի Պետական քարտուղարը աւելցնելով որ Ֆրանչիսկոս Պապը յոյսի ուխտաւոր մըն է ու իր փափաքը այն է, որ Եւրոպան վերագտնէ իր կառուցման հիմքերուն մէջ գտնուող պատճառները, որպէսզի կարենայ գիտակից ըլլայ ինչպէս դիմագրաւել այսօրուան հարցերը՝ տնտեսական, գաղթականութեան բնոյթ ունեցող խնդիրները, համերաշխութեան հեռատես ոգիով, վերագտնելով ապագային բացուելու քաջութիւնը եւ յաղթելով ժողովրդագրական ձմեռը»։

Եւրոպայի մէջ ծնելիութեան անկումին հարցը

Կարդինալ Փարոլին անդրադարձաւ նաեւ Եւրոպայի մէջ ծնելիութեան անկումին հարցին յայտնելով, որ հակազդելու համար այդ ծնելիութեան անկումին ողբերգութեան կարիքը կայ անյետաձգելի շարք մը գործողութիւններու իւրայատուկ անձերու կողմէ ու եկեղեցին եւ միջանկեալ կազմակերպութիւնները պէտք են որ գիտակցին այս թեմայի կարեւորութեան ու միջամտեն շարք մը միջոցառումներով։

Ծնելիութեան անկումին ծիրէն ներս Կարդինալ Փարոլին յայտնեց թէ պէտք է մտածել հովուական ծառայութեան մը մասին, որ պայմանաւորուած է գործողութեամբ, որ գիտէ ուշադրութեամբ մտիկ ընել ընտանիքներուն՝ բացայայտելու համար անոնց իրական կարիքները ու օգնելու զանոնք՝ ազդելով անոնց կեանքի շօշափելիութեան վրայ, որպէսզի վերացնեն՝ նոր կեանք ծնելու առատաձեռնօրէն ընդունելու տարբեր խոչընդոտները։

Եւրոպան պէտք է գտնէ իր արժէքները

Կարդինալ Փարոլին զրուցեց Եւրոպայի քաղաքակրթութեան արմատներու մասին, նշելով որ անոնք հիմնուած են Յունա Հռոմէական մշակոյթի վրայ եւ Եւրոպան իր արժէքներուն համար պարտական է Հրէական եւ քրիստոնէական աւանդութիւններուն։

«Եթէ եւրոպան մտադիր է այսօր լսելի եւ հեղինակաւոր ձայն դառնալ, եթէ Եւրոպան կը փափաքի յաղթահարել սպառիչ փակուղիները, պէտք է որ վերագտնէ զինք ներշնչող արժէքներու մեծութիւնը, արժէքներ որոնք լաւ ներկայացուած են ժամանակակից եւրոպայի հիմնադիրներէն», ըսաւ Կարդինալ Փարոլին աւելցնելով, որ Սուրբ Աթոռը կրնայ ուղեկցիլ եւրոպայի ժողովուրդները՝ այս նուրբ փուլին մէջ՝ յորդորելով զանոնք վստահութեամբ շարունակելու իրենց ուղեւորութիւնը եւ վստահօրէն չվախնան ամուր կապ պահելու այն արժէքներուն հետ, որոնք կեանք ներշնչեցին եւրոպայի հասարակութիւններուն։

Կարդինալ Փարոլին հարցազրոյցը աւարտեց մաղթելով, որ Ֆրանչիսկոս Պապի Պելճիքայի եւ Լուքսամպուրկի ճամբորդութիւնը կայծի մը նման վառէ մեծ լոյս մը։ Կայծ մը, որ կ՝օգնէ ի յայտ բերելու բարութեան ողջ ներուժը, որոնք առկայ են եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան մէջ, լոյս մը որ քաջութիւն կը սերմանէ անոնց մէջ որոնք կարծես ենթարկուած են յուսահատութեան։

Ծիրանաւորը մաղթեց, որ Պապին այցելութիւնը առիթ հանդիսանայ խորապէս մտորելու Եւրոպայի եւ այսօր Եւրոպայի մէջ եկեղեցի ըլլալու ճանապարհին մասին ու մաղթեց նաեւ որ հաւատացեալներն ու ոչ հաւատացեալներ հնարաւորութիւն ունենան լսելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդի խօսքերը եւ համեմատելու աշխարհի մէջ իրենց ըլլալու եւ գործելու ձեւը ՝Աւետարանէն բխող առաջարկին հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2024, 14:30