Կարդինալ Փարոլին. Ոչ մէկը պէտք է հեռու ձգել խաղաղութիւն խթանելու համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Սուրբ Աթոռը խորապէս մտահոգուած է որ այս յատուկ պահուն ականատես կ՝ըլլանք հակամարտութիւններու թիւի աճումի՝ ողջ աշխարհի մէջ, ինչպէս նաեւ անոնց ծանրութեան եւ բռնութեան մէջ։ Այս հակամարտութիւնները պատասխանատու են անմեղ կեանքերու զգալի կորուստին եւ հսկայական աւերածութիւններու համար, ինչ որ դժուարութիւններ կը ներկայացնէ քաղաքացիական ենթակառոյցներու, ներառեալ պաշտամունքի վայրերուն, կրթական հաստատութիւններուն, բժշկական կառոյցներու հասցուած վնասի չափը գնահատելու համար եւ ազդեցութիւնը շրջակայ միջավայրի վրայ» Այս եղան կարդինալ Փարոլինի խօսքը արտասանած 28 սեպտեմբերին, Նիւ Եորք մէջ Միացեալ Ազգերու կազմակերպուած 79-րդ նստաշրջանին։
Ծիրանաւոր անդրադարձաւ քննարկուած թեմային ըսելով «Ոչ ոք ետեւ մի ձգէք. Միասին գործեցէք խաղաղութեան, կայուն զարգացման եւ մարդկային արժանապատւութեան զարգացման համար, ներկայ եւ ապագայ սերունդներու համար։
Վատիկանի Պետական քարտուղարը ապա անդրադարձաւ Սուրբ Աթոռի հիմնական շարք մը սկզբունքներուն՝ մարդկային արժանապատուութեան յարգանքը, Պետութիւններու իրաւահաւասար ինքնիշխանութիւնը, խաղաղութեան որոնումը, զինաթափումը եւ ընդհանուր տան խնամքը։
«Սուրբ Աթոռը կոչ կ՝ընէ ու կը խնդրէ, «բոլոր զինուած հակամարտութիւններուն մէջ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խիստ պահպանումը ու յատուկ ուշադրութիւն պաշտամունքի վայրերուն պահպանումին», ըսաւ կարդինալ Փարոլին շեշտելով, որ խաղաղութեան որոնումը հաւաքական պատասխանատուութիւն է եւ պէտք է խաղաղութեան եւ պատերազմներու դադրեցման համար որոնել անոնց պատճառները, անօթութիւնը, աղքատութիւնը, ու յաղթահարել զանոնք։
Կարդինալ Փարոլին յիշեց գաղթականները, մտահոգիչ նկատելով անոնց արժանապատւութեան յարգանքի պակասը նշելով որ «ապաստան փնտռող մարդոց պէտք չէ մերժել կամ անոնց հետ անարդար կերպով վարուիլ, այլ պէտք է ընդունիլ յարգանքով եւ պատասխանատուութեան զգացումով, երաշխաւորելու համար անոնց արժանավայել ապրելու իրաւունքը։
«Աշխարհի մէջ բռնկուած պատերազմներուն համար, որոնել խաղաղ լուծում մը» ըսաւ Կարդինալ Փարոլին աւելցնելով
«Ժամանակը զոր մարդկութիւնը կ՝ապրի դժբախտաբար երրորդ համաշխարհային պատերազմն է, որ տեղի կ՝ունենայ կտոր կտոր ըսաւ Ծիրանաւոր ու յիշելեց Ուքրանիոյ, Կազայի, Սուրբ Երկրի, Լիաբանանի, Սուրիոյ, Ափրիկէի, Հարաւային Սուտանի, Հայիթիի, Միանմարի, Նիքարակուայի,Վենզեուելայի միջեւ պատերազմները։
Ապա ինչ կը վերաբերի Հայատանի եւ Ազերպէտճիանի միջեւ բանակցութիւններուն կարդինալ Փարոլին նշեց, որ Սուրբ Աթոռը կը շարունակէ քաջալերել Հայաստանի եւ Ազերպէտճիանի միջեւ բանակցութիւնները ինչպէս նաեւ դրականօրէն կը նայի Պալքանեան երկիրներուն Եւրոմիութեան ձգտումին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ