Որոնել

Խումբ մը երիտասարդներ Խումբ մը երիտասարդներ 

Հրաւէր պատրաստուելու Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերով Սուրբ Յոբելեանին

Աշխարականներուն, ընտանիքի եւ կեանքի Սուրբ Աթոռի վերատեսչութեան հաղորդագրութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին Երիտասարդներու համաշխարհային 39 -րդ օրուայ ուղերձին մասին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Աշխարականներու, ընտանիքի եւ կեանքի Սուրբ Աթոռի վերատեսչութիւնը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, երիտասարդներու համաշխարհային օրուայ նուիրուած ուղերձին։

Հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, որ Եսայի մարգարէի՝ «Բոլոր անոնք որոնք յոյս ունին Տիրոջ վրայ առանց յոգնելու կը քալեն» հատուածը քաղուած է «Մխիթարութեան» գիրքէն ու կ՝առաջնորդէ Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներու համաշխարհային օրուան ուղերձը, զոր տեղի պիտի ունենայ, 24 Նոյեմբերին տեղական եկեղեցիներուն մէջ, Տիեզերքի Քրիստոս թագաւորի» տօնին օրը։

Աշխարականներուն, ընտանիքի եւ կեանքի Սուրբ Աթոռի վերատեսչութիւնը նկատել կու տայ, որ Ֆրանչիսկոս Պապ իր ուղերձին մէջ կը հրաւիրէ ճամբորդելու «Ոչ թէ որպէս զբօսաշրջիկներ, այլ որպէս ուխտաւորներ» ու Յոբելինական ուխտագնացութիւնը նպատակ ունի դառնալու այդ ներքին ճամբորդութեան նշանը, որ բոլորս կանչուած ենք ձեռնարկելու՝ հասնելու համար վերջին նպատակին։ «Այս իմաստով Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝առաջարկէ երեք ներքին վերաբերմունքներ՝ պատրատուելու համար ճամբորդութեան փորձառութեան. շնորհակալութիւն, որոնում եւ ապաշխարութիւն»

Յոյս

Ֆրանչիսկոս Պապ կը խրախուսէ երիտասարդները հետեւեալ խօսքով, «Եթէ կայ գեղեցիկ նպատակ մը, եթէ կեանքը ոչ մէկ տեղ կ՝երթայ, եթէ իմ երազներս, ծրագիրներս,պիտի կորսուին, կ՝արժէ քալել եւ քրտնիլ, դիմանալ խոչընդոտներուն, որովհետեւ վերջնական հատուցումը հրաշալի է»։ Ճգնաժամի ժամանակները կը յորդորէ սրբազան Հայրը, «ի զուր կամ անօգուտ ժամանակներ չեն, այլ անոնք կարող են ըլլալու աճումի կարեւոր հնարաւորութիւններ։ Անոնք յոյսի մաքրումի պահեր են», նշուած է Հաղորդագրութեան մէջ ու որուն աւարտին կը կարդանք, որ աշխարականներուն, ընտանիքին, կեանքի վերատեսչութիւնը իր մշտական յանձնառութեամբ երիտասարդութեան ծառայութեամբ, կը հրաւիրէ երիտասարդները, տօնախմբելու երիտասարդներու համաշխարհային 39-րդ օրը տեղական եկեղեցիներու մէջ ու պատրաստուին Նորին Սրբութեան խօսքերով, 24 նոյեմբերին, իրենց հայեացքը ու սիրտերը սեւեռելով դէպի յոբելեանը, որ արդեն մօտ է ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/09/2024, 10:09