Յոբելենական Տարի՝ հրապարակուած են յոբելենական մեծ միջոցառումներու առաջին 26 յայտագիրները
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Յոբելեան 2025` կայքէջի «Յոբելենական յայտագիր» բաժնին մէջ հրատարակուեցան Յոբելենական Տարւոյն հայող առաջին 26 մեծ միջոցառումներու յայտագիրները, որոնք հասանելի են տարբեր լեզուներով։
Այդ ծրագիրները թերթատելով հնարաւոր է պարզել իւրաքանչիւր իրադարձութեան հետ կապուած պահերը եւ հիմնական գործողութիւնները: Անոնք յառաջիկայ ամիսներուն պիտի թարմացուին ուխտաւորներու վերապահուած հիմնական տեղեկութիւններով, ուր նաեւ կարելի է գրանցուիլ մասնակցելու համար տարբեր յոբելենական միջոցառումներուն։
Յոբելենական ձեռնարկները
Յոբելենական 26 հիմնական միջոցառումներ են` Հաղորդակցութեան աշխարհի Յոբելեանը 24-26 Յունուար 2025, որ յատկացուած է հաղորդակցութեան աշխարհի բոլոր մասնագէտ գործիչներուն: Այնուհետև Զինուած ուժերու, ոստիկանութեան և անվտանգութեան ուժերու Յոբելեանը` 8-9 Փետրուար 2025, ուղղուած բոլոր զինուորականներուն և ոստիկանական ուժերուն, ու զինեալ աշխարհի գործիչներուն, որոնց շարքին նաեւ մատրանապետները։
Սարկաւագներու Յոբելեանը պիտի յիշատակուի 2025ի Փետրուարի 21-23, մինչ կամաւորներու Յոբելեանը նախատեսուած է Մարտ ամսուայ մէջ 8էն 9։ Ապա Ողորմութեան միսիոնարներու Յոբելեանը` 28-30 Մարտ 2025, եւ կը հայի այն քահանաներուն, որոնք աշխարհի բոլոր վայրերուն մէջ Քահանայապետէն ընդունեցան արտօնութիւնը քաւելու այն մեղքերը, որոնց ներումը վերապահուած է Առաքելական Աթոռին եւ որոնց տրուած էր յատուկ քարոզութեան պարտականութիւն` 2016ի Ողորմութեան արտակարգ Յոբելեանի ընթացքին։
Յայտագիրին մաս կը կազմէ հուսկ` Հիւանդներու ու Առողջապահութեան աշխարհի Յոբելեանը 5-6 ապրիլ 2025, ապա Անկարներուն Յոբելեանը 28-29 ապրիլ 2025, որուն կը յաջորդէ Աշխատաւորներու Յոբելեանը`1-4 Մայիս 2025ին, հուսկ Ձեռնարկատէրերու Յոբելեանը 4-5 Մայիս 2025։
10-11 Մայիս 2025ին պիտի յիշատակուի Երաժշտական խումբերու Յոբելեանը։ Եղբայրութիւններու Յոբելեանը նախատեսուած է 16-18 Մայիս 2025ին, իսկ Ընտանիքներու, Մանուկներու, Տարեցներու, Մամիկ - Պապիկներու Յոբելեանը 30 Մայիս 2025էն մէկ Յունիս 2025, որուն կը յաջորդէ Շարժումներու, Ընկերակցութիւններու եւ Նոր Հասարակութիւններու Յոբելեանը 7-8 Յունիս 2025։
ՄիջոցառումներուՆ մաս պիտի կազմէ հուսկ Սուրբ Աթոռի Յոբելեանը` 9 Յունիս 2025; Մարզանքի Յոբելեանը 14-15 Յունիս 2025; Նորընծաներու Յոբելեանը` 23-24 Յունիս 2025; Եպիսկոպոսներու Յոբելեանը` 25 Յունիս 2025; Քահանաներու Յոբելեանը 25-27 Յունիս 2025; Մխիթարութեան Յոբելեանը` 15 Սեպտեմբեր 2025ին, որ ուղղուած է բոլոր անոնց. որոնք կ՛ապրին ցաւի ու տառապանքի պահեր հիւանդութիւններու, սուգի, բռնութիւններու ու չարաշահումներու հետեւանքով։
Ապա պիտի յիշատակուի Արդարութեան Գործիչներուն Յոբելեանը` 20 Սեպտեմբերին, Կրօնուսոյցներուն Յոբելեանը` 26-28 սեպտեմբեր 2025; Գաղթականներու Յոբելեանը` 4-5 Հոկտեմբեր 2025; Նուիրեալ Կեանքի Յոբելեանը 8-9 հոկտեմբեր Մարեմական ջերմեռանդութեան Յոբելեանը 11-12 հոկտեմբերին եւ ի վերջոյ Երգչախումբերու Յոբելեանը` 21-23 Նոյեմբեր 2025ին, հուսկ բանտարկեալներու Յոբելեանը` 14 Դեկտեմբեր 2025ին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ