Ֆրանչիսկոս Պապ Ասիա եւ Ովկիանիա պիտի տանի խաղաղութիւն եւ մօտիկութիւն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապին դէպի Ինտոնեզիա, Փափուա Նովա Կինէա, Թիմոր Լեսթ եւ Սինկափուր 45-րդ առաքելական ճամբորդութեան նախօրէին, «Վատիկան Նիուզ»ը, օգոստոս 27ին, հարցազրոյց կատարեց Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ։
Ծիրանաւորը հարցազրոյցը սկսաւ ըսելով, որ առաջին յոյսը, որ Ֆրանչիսկոս Պապ կը կրէ իր սիրտին մէջ ան ալ հանդիպումի յոյսն է՝ անձնական հանդիպում այցելած երկիրներու ժողովուրդներուն հետ փոխանցելով անոնց իր մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը, «մօտիկութիւն՝ ունկնդրելու համար, մօտիկութիւն՝ ժողովուրդին տառապանքները, դժուարութիւններն ու սպասումները կրելու համար, մօտիկութիւն բոլորին Աւետարանին ուրախութիւնը յոյսն ու մխիթարութիւնը փոխանցելու համար» ըսաւ Ծիրանաւորը։
Ինտոնեզիան աշխարհի ամենէն շատ բնակցեցուած մահմետական երկիր է Նորին Սրբութեան ներկայութիւնը պիտի օգնէ՞ միասնութեան ուղեւորութեան։
Կարդինալ Փարոլին նշեց թէ այն տարածքները, զոր ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ յատկանշուած են մշակոյթներու, կրօններուն, դաւանանքներու, կրօնական աւանդութիւններուն բազմազանութեամբ ու Նորին Սրբութեան բոլոր ժեսթերն ու խօսքը մեծ եւ ուժեղ հրաւէր պիտի ըլլայ չձգելու ուղեւորութիւնն ու պիտի նպաստեն եղբայրութեան աջակցութեան եւ քաջալերութեան ու այս լոյսին ներքոյ պիտի դիմագրաւուին նաեւ ընկերային եւ քաղաքական խնդիրներն, որ մարտահրաւէրներ կը նետեն այս մեծ կղզիին վրայ» ըսաւ Կարդինալ Փարոլին։
Փափուա Նովա Կինէա
Խօսելով Փափուա Նովա Կինէայի մասին, կարդինալ Փարոլին նշեց որ Փափուա Նովա Կինէայի մէջ չեն պակսիր հակասական նշաններ. աղբիւրներու արտակարգ հարստութեան յաճախ կը հակակշռեն մեծ աղքատութիւնը՝ անարդարութեան, կաշառակերութեան, քաղաքական, տնտեսական անհաւասարութիւններու հետեւանքով ու Ֆրանչիսկոս Պապ մտադիր է խթանել բոլոր հնարաւոր ջանքերը, քաղաքական, կրօնական հաստատութիւններուն կողմէ, դիմելով իւրաքանչիւրին պատասխանատուութեան, հրահրելու համար փոփոխութիւններու ոստում մը՝ արդարութեան, ամենաղքատներուն հանդէպ ուշադրութեան եւ ընդհանուր տան խնամքի ուղղութեամբ։
Թիմօր Լեսթ Պապին ճամբորդութեան երրորդ երկիրը։
Կարդինալ Փարոլին խօսելով Թիմոր Լեսթի քաղաքական դժուար իրավիճակի մասին նշեց որ այդ երկրին պատմութիւնը բնորոշուած է շատ մը դժուարութիւններով ու 25 տարի առաջ անկախութեան ձեռքբերման հետ կատարուածը իրեն համար հրաշք մըն է ու Քրիստոնէական հաւատքը, որ Թիմոր Լեսթ կը դարձնէ Ասիոյ մէջ առաջին կաթողիկէ երկիրը, ունեցաւ որոշիչ դեր այդ նպատակին հասնելու ջանքերու ուղղութեամբ։ «Եւ հիմա կը մտածեմ, որ միեւնոյն հաւատքը, նաեւ աւելի խոր հոգեւոր կազմաւորման միջոցաւ պէտք է ոգեւորէ Թիմորէնցիները ընկերութեան փոփոխութեան մէջ, յաղթահարելով բաժանումները, արդիւնաւոր կերպով պայքարելով անհաւասարութիւններուն եւ աղքատութեան դէմ, հակացդելով բացասական երեւոյթները՝ ինչպէս երիտասարդներու խումբերու միջեւ բռնութիւնը, կանանց արժանապատուութեան դէմ բռնութիւնը ու Նորին Սրբութեան ներկայութիւնը անշուշտ այս իմաստով վստահաբար նոր սլացք պիտի շնորհէ», ըսաւ Վատիկանի Պետական քարտուղարը։
Սինկափուր
Կարդինալ Փարոլին նշեց որ Սինկափուրը երկար ճամբորդութեան վերջին փուլը պիտի ըլլայ ու կը ներկայացնէ խաղաղ համակեցութեան օրինակ այսօրուայ բազմամշակութային եւ բազմակրօն հասարակութեան մէջ եւ
Սինկափուրի մէջ հիւրասիրուած են աշխարհի տարբեր վայրերէն անձեր ու կը գտնենք տարբեր մշակոյթներու եւ կրօններու աւանդութիւններուն խճանկար։ ծիրանաւորը յարեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի հանդիպի երիտասարդներու հետ, որոնք յանձնառու են միջ կրօնային երկխօսութեան մէջ ու անոնց պիտի յանձնէ այս ուղեւորութեան ապագան, որպէսզի անոնք դառնան աւելի եղբայրական եւ խաղաղ աշխարհի հերոսներ։
Արդեօ՞ք Ասիոյ ճամբորդութիւնը պիտի կարենայ բանալ ուրիշ կամուրջներ եւ աւելի ամրապնդէ Սուրբ Աթոռի եւ Ասիական երկիրներու հետ յարաբերութիւնները։
Պատասխանելով այս հարցումին կարդինալ Փարոլին ըսաւ որ ինք կը սկսի Սինկափուրէն, նշելով որ Սինկափուրի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը չինական ցեղէ է, հետեւաբար առանձնաշնորհեալ վայր մըն է Չինական մշակոյթին եւ ընդհանրապէս ժողովուրդի հետ երկխօսելու համար։
Իսկ Ինտոնեզիոյ մասին, կարդինալ Փարոլին նշեց, որ ամենէն շատ բնակեցուած մահմետական երկիր մըն է ու Պապին Ժաքարթայի այցը պիտի կարողանայ նպաստաւոր հնարաւորութիւն ընձեռէ Իսլամներու հետ հետագայ հանդիպման համար, իր ասիական բաղադրիչով։
Կարդինալ Փարոլին նշեց որ Պապին ճամբորդութեան մէջ ներգրաւուած երկիրները ԱՍԵԱՆի անդամներ են, հասարակութիւն մը , որ կը ներառէ տարածաշրջանի այլ ազգեր, օրինակի համար Վիեթնամ եւ Միանմար ու ճամբորդութեան ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապին խաղաղութեան եւ մօտիկութեան բերած պատգամը հաւասարապէս ուղղուած են այդ բոլոր իրականութիւններուն
Պատերազմներու պատճառով միջազգային լարուածութիւններուն այս պահուն, յատուկէն Միջին Արեւելքի եւ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը, արդեօ՞ք իրականութեան մէջ այս այցը յոյսի, եղբայրութեան եւ երկխօսութեան սերմ է։
Ի պատասխան այս հարցումին Կարդինալ Փարոլին վերյիշեց հարցազրոյցի սկիզբը նշած մօտիկութեան եւ մտերմութեան հայեցակարգը։
«Խաղաղութիւն կերտելու համար անհրաժեշտ է աշխատիլ՝ որդեգրելու համար ամէն ջանքերը, որոնք յառաջացած են առաքելական ճամբորդութենէն. Հանդիպիլ իրարու միջեւ, նայիլ մէկը միւսին աչքերուն մէջ,եւ անկեղծ խօսիլ։ Անմիջական հանդիպումը եթէ ոգեշնչուած է ընդհանուր բարիքի որոնումէն եւ ոչ թէ անձնական եւ եսասիրութեան շահերով, կարող է ։
Յայտնենք, թէ Վատիկանի Պետական քարտուաղարը պիտի չկարենայ մեկնիլ քահանայապետին հետ, 3 սեպտեմբերին իր մօր յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ գտնուելու համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ