Որոնել

Կարդինալ Մարիօ Զենարի - «Սանթա Մարիա տէլլէ Կրացիէ ալլէ Ֆորնաչի» ծխական եկեղեցի Կարդինալ Մարիօ Զենարի - «Սանթա Մարիա տէլլէ Կրացիէ ալլէ Ֆորնաչի» ծխական եկեղեցի 

Սուրիոյ մէջ աղքատութեան ռումբը կը սպանէ յոյսը․ Կարդինալ Մարիօ Զենարի

Սուրիոյ մօտ Առաքելական Նուիրակը Հռոմի «Սանթա Մարիա տէլլէ Կրացիէ ալլէ Ֆորնաչի» Եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ իր քարոզի ընթացքին կիսեց սուրիացի ժողովուրդին տառապանքը։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Տանջուած Սուրիան, ինչպէս յաճախ կը կրկնէ Ֆրանչիսկոս Պապը, այժմ մոռցուած եւ դուրս մնացած է տեղեկատուական տեսադաշտէն: Այս մասին բարձրաձայնած է Դամասկոսի մէջ Առաքելական Նուիրակ Կարդինալ Մարիօ Զենարին, որ 22 Սեպտեմբեր 2024ին Հռոմի «Սանթա Մարիա տէլլէ Կրացիէ ալլէ Ֆորնաչի» Եկեղեցւոյ մէջ նախագահած Սուրբ Պատարագի ընթացքին իր քարոզին մէջ մտահոգութիւն արտայայտած է Սուրիոյ մէջ տիրող վիճակի եւ ժողովուրդի տառապանքներու կապակցութեամբ։

Տառապանքներ, որ հետեւանք են արդեն տասնչորսերորդ տարին բոլորած հակամարտութեան, եւ ժողովուրդ, որ այլեւս «հիւծուած է եւ կը դժուարանայ ապագայի լոյսը տեսնել», շեշտեց Կարդինալը ծխականներու հետ Պատարագին հետեւած հանդիպումի ընթացքին։

Անցում վատէն վատագոյնին

Յիշելով անցած տարիները Առաքելական Նուիրակը նկարագրեց այն պատկերները, որոնք ամենէն շատ տպաւորած են զինք․ մէկ միլիոն սուրիացիները, որոնք ճամբայ ինկած էին բռնութենէ փրկուելու անձրեւի եւ ձիւնի տակ՝ իրենց հետ տանելով այն, ինչ կարող էին։  

Եւս մէկ յուզիչ պատկեր․ Աւագ ուրբաթ օրը Հոմս քաղաքին վրայ պայթած ռումբը վնասած էր բոլոր եկեղեցիները։ Եւ Հայր Միքելէն հրահանգած էր վերցնել երկար պարան մը եւ անոր օգնութեամբ շրջանակի մէջ առնել պատերազմի հետեւանքով աւրուած թաղամասերը՝ կեդրոնին տեղադրելով Գողգոթա գրութիւնը: «Այսօր այդ պարանը շատ աւելի երկար է, կը ձգուի քիլոմեթրերով եւ կ’ընդգրկէ ողջ Մերձաւոր Արեւելքը», հաստատեց Կարդինալը։

«Տեսայ բազմաթիւ աւերածութիւններ, մահ, անդամահատուած երեխաներ, բազմաթիւ տառապանք բուռն կռիւներու այդ տարիներուն: Այժմ պայթած է աղքատութեան ռումբը, որը ոչ մէկ յոյս կը ձգէ բնակչութեան» եւ որու վրայ «շատ լուրջ հետեւանքներ ունին նաեւ սուրիական բռնապետութեան դէմ կիրառուող պատժամիջոցները»։ «Պատերազմի ժամանակ լոյս կար, այժմ խաւարը պարուրած է Երկիրը հոսանքազրկումներու հետեւանքով», շարունակեց Սուրբ Աթոռի դիւանագէտը՝ ընդգծելով իրավիճակի վատէն վատագոյնին անցումը, որոնք կը հաստատուին նաեւ թիւերով․

Իրավիճակը թիւերով․

Պատերազմի հետեւանքով զոհուած են 500 հազար մարդ, աւելի քան 7 միլիոնը ներքին տեղահանումներու ենթարկուած է, իսկ 5 միլիոնը փախած է այլ Երկիրներ։

ՄԱԿի տուեալներով՝ 16,7 միլիոն մարդ մարդասիրական օգնութեան կարիք ունի, իսկ գրեթէ 13 միլիոնը սնունդի խիստ կարիք ունի, օրական 500 մարդ կը լքէ Երկիրը, կրթութիւնը կանգ առած է։

Այս իրավիճակի մէջ  Եկեղեցին առաջնագիծին վրայ կը գտնուի՝ օգնելու, մխիթարելու և նախաձեռնելու բոլոր գործողութիւնները, ներառեալ դիւանագիտականը՝ դէպի անդունդ այս անկումը շրջադարձելու համար:

Բոլորը կոչուած են կառուցելու երկխօսութեան, հանդիպման եւ խաղաղութեան ուղիներ

Կարդինալ Զենարիի խօսքերուն անդրադարձած է Վատիկանի Ռատիոյի Խմբագրութիւններու համադրող Մասսիմիլիանօ Մենիքեթթին՝ նշելով, որ «Դամասկոսի մէջ Նուիրակի աղաղակը չի կարող խուլ մնալ հակամարտութիւններէն պատառոտուած մոլորակի մը մէջ:

«Չենք կարող ընդունիլ բռնապետութիւններն ու հակամարտութիւնները։ Բոլորը՝ իւրաքանչիւրը իր ոլորտէն նէրս, կոչուած են կառուցելու երկխօսութեան, հանդիպման եւ խաղաղութեան ուղիներ», պնդած է Մենիքեթթին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2024, 12:12