Որոնել

PORTUGAL-VATICAN-POPE-RELIGION-WYD

Դէպի 2027ի Սէուլի ԵՀՕ. Յայտնի են եկող տարիներու ԵՀՕ բնաբանները

2025ին պիտի յիշատակուի ԵՀՕ 40րդ օրը, որուն բնաբանը պիտի ըլլայ «Դուք նոյնպէս կը վկայէք, որովհետև իմ հետս էք» (Յովհաննէս 15,27)։ Իսկ 2026 տարուայ եւ Սէուլի մէջ յիշատակուող 2027 տարուայ ԵՀՕ օրերուն համար ընտրուած բնաբանը. «Քաջութիւն ունեցէք, ես յաղթեցի աշխարհին» (Յովհաննէս 16,33)։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 24 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 11.30ին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մէջ տեղի ունեցաւ «Դէպի 2027 Սէուլի ԵՀՕ» վերտառութեամբ մամլոյ ասուլիս մը, որուն առիթով ելոյթ ունեցան Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութեան վերատեսուչ Կարդինալ Քեվին Ֆարել, Սէուլի Արքեպիսկոպոս եւ Սէուլ 2027 ԵՀՕ կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ` Գերապ. Փիթըր Սուն Թայք Չունկ, հուսկ Սէուլի ԵՀՕ ընդհանուր համակարգող Գերապ. Փոլ Քիունկ Սանկ Լի եւ երիտասարդ Քորէացի Կապրիելլա Սու Ժի Քիմ։

Կարդինալ Ֆարելի ելոյյթը

Իր ելոյթին մէջ Կարդինալ Ֆարրել նշեց` թէ Լիզպոնէն ետքը Քահանայապետը որպէս Երիտասարդներու Հաւաքի վայր ընտրեց Քորէան ու անոր մայրաքաղաք Սէուլը` ուր ԵՀՕ պիտի տօնախմբուին 2027-ին։

«1995ին Մանիլա քաղաքին մէջ կայացած ԵՀՕ ետքը հաւատը դարձեալ կը վերադառնայ Ասիական ցամաքամաս» ըսաւ Կարդինալ Ֆարրել, դիտել տալով, որ «իւրաքանչիւր ԵՀՕ թանկարժէք առիթ Է այդ Եկեղեցւոյ համար, տօնախմբելու համար սեփական մշակոյթն ու հաւատքը»։

Քրորէայի Եկեղեցին հարուստ նահատակներու վկայութեամբ

«Քորէայի մէջ կաթողիկէները կը հաշուեն բնակչութեան 11 առ հարիւրը, բայց եւ այնպէս Եկեղեցին լի է կենսունակութեամբ ու հարուստ բազմաթիւ նահատակներու հերոսական վկայութեամբ, որմէ կը բխի հաւատքի և յոյսի շատ ուժեղ լոյս մը, որ կը հասնի աշխարհի բոլոր հաւատացեալներուն», ըսաւ Կարդինալ Ֆարել ապա նշեց, որ «ԵՀՕ առիթ է բոլոր Երիտասարդներուն համար, վերաբացայայտելու քրիստոնէական կեանքին գեղեցկութիւնը...որ կարող է նաեւ ըլլալ պարարտ հող, ուր կը ծաղկին նոր կոչումներ»։

Յոյսի ուխտաւորներ

Մամլոյ Ասուլիսի ընթացքին Կարդինալ Ֆարել ակնարկեց Նորին Սրբութեան անցեալ շաբաթ Հրատարակած 39րդ ԵՀՕ հաւաքին նուիրուած պատգամին ««Բոլոր անոնք որ կը յուսան Տիրոջ, կը քալեն առանց յոգնելու» (Եսայի 40,31)։

Ան ապա նշեց, որ Յոբելենական Սուրբ տարուան ընթացքին երիտասարդները կոչուած են ըլլալու յոյսի ուխտաւորներ ու թէ անոնց կոչուած ենք իրենց այդ յոյսի ուղեւորութիւնը շարունակելու եկող տարիներու ընթացքին` մինչեւ Սէուլի ԵՀՕ։

ԵՀՕ բնաբանները

Ծիրանաւորը հուսկ ներկայացուց Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ընտրուած յառաջիկայ ԵՀՕ բնաբանները. 2025ին պիտի յիշատակուի ԵՀՕ 40րդ օրը, որուն բնաբանը պիտի ըլլայ «Դուք նոյնպէս կը վկայէք, որովհետև իմ հետս էք», քաղուած Յովհաննէսի Աւետարանէն Գլ. 15 համար 27։ Իսկ 2026 տարուայ եւ Սէուլի մէջ յիշատակուող 2027 տարուայ ԵՀՕ օրերուն համար ընտրուած բնաբանը. «Քաջութիւն ունեցէք, ես յաղթեցի աշխարհին» խօսքն է, որ քաղուած է միշտ Յովհաննէսի Աւետարանէն Գլ. 16 համար 33։

Խաչի յանձնման արարողութիւնը

Երկու թեմաներն ալ մաս կը կազմեն Յիսուսին այսպէս կոչուած «հրաժեշտի ճառին» ըսաւ ի միջի այլոց Կարդինալ Ֆարել ակնարկելով յառաջիկայ 24 նոյեմբեր 2024ին, Յիսուս Քրիստոս Տիեզերքի Թագաւոր տօնին առիթով Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ կայացած պատարագի ընթացքին ԵՀՕ յատկանիշ Խաչի յանձնումի արարողութեան։ Արդարեւ ան Փորթուկալացի երիտասարդներու ձեռքերէն պիտի յանձնուի Քորէացի երիտասարդներուն, որոնք ապա զայն պիտի շրջագայեցնեն Երկրի տարբեր քաղաքներուն մէջ։

«Այս Խաչը յոբելենական խաչ է որովհետեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ զայն երիտասարդներուն յանձնեց «Փրկութեան Սուրբ Տարուան» առիթով 1984ին եւ այս տարի եւս ան ունի յատուկ նշանակութիւն տրուած ըլլալով որ կը պատահի 2025ի Յոյսի Յոբելենական տարուան սեմին» նշեց Կարդինալ Ֆարել աւելցնելով, որ Խաչին պիտի ընկերանայ նաեւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերը, որ նոյնպէս խորհրդանիշ է ԵՀՕ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2024, 11:58