Որոնել

Սիւնհոդոսի խմբանկարը Սիւնհոդոսի խմբանկարը  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Սիւնհոդոսականութիւնը. դարձ` առաքեալներ դառնալու համար

Սիւնհոդոսի երկրորդ փուլի Եզրափակիչ Փաստաթուղթը որ ամբողջութեամբ վաւերացուեցաւ ժողովականներուն կողմէ կը պատմէ Եկեղեցւոյ փորձառութիւնը` «հաղորդութեան, մասնակցութեան, առաքելութեան» միջեւ։ Սինոդի Եզրափակիչ փաստաթուղթը Վարդապետական արժէք ունի։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեք տարիներ ետք քննարկելէ ետք համայն եկեղեցւոյ հայող խնդրայարոյց հարցեր շաբաթ Սինոդի Եզրափակիչ Փաստաթուղթի 155 հատուածներու վաւերացումով, շաբաթ 26 հոկտեմբեր 2024ի երեկոյեան վերջ գտան սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերը։

Քահանայապետը յայտարարեց որ Փաստաթուղթին պիտի չի հետեւի յետ սիւնհոդոսական առաքելական յորդորագիրը ու թէ ինք զայն կը յանձնէ համայն Եկեղեցւոյ թէեւ տակաւին կան քննարկուելիք հարցեր ու առնուելիք որոշումներ, «որոնք կարիք ունին ժամանակի, ունկնդրութեան ու զատորոշումի»։

Արդարեւ Փաստաթուղթին սկիզբը կը կարդանք թէ «սիւնհոդոսական գործընթացը չաւարտիր հաւաքի աւարտով այլ ունի իրականացման փուլը(9). որուն մէջ ներգրաւել բոլորը «ամէնօրեայ ուղեւորութեան մէջ, խորհրդակցութեան և խորաթափանցութեան սինոդալ մեթոդաբանութեամբ՝ բացայայտելով գործնական մեթոդներ և ուսումնական ուղիներ՝ եկեղեցական տարբեր իրողութիւններու մէջ շօշափելի սինոդալ դարձի հասնելու համար» (9)։

Փաստաթուղթին մէջ կան յատուկ երկու բանալի բառեր` անոնց «յարաբերութիւն» են որ է Եկեղեցի ըլլալու ձեւը եւ «կապեր» հասկցուած որպէս «պարգեւներու փոխանակում» տարբեր Եկեղեցիներու ու մասնաւորապէս տեղական Եկեղեցիներու միջեւ, որոնք միսիոներական հորիզոնին կիզակէտն են։

Փաստաթուղթը կազմուած է հինգ գլխաւոր մասերէ` Սիւնհոդոսականութեան սիրտը, ապա Միասին Պետրոսի նաւուն վրայ, «նուիրուած յարաբերութիւններու փոխակերպման, որոնք կը կերտեն քրիստոնէական համայնքը և կը ձևաւորեն առաքելութիւնը կոչումներու, խարիզմներու և առաքելութիւններու միահիւսման մէջ»։ Երրորդ մասը կը կրէ «Քու Խօսքին համաձայն» տիտղոսը եւ կը «բացայայտէ երեք իրար հետ սերտօրէն կապուած գործունէութիւն՝ եկեղեցական զատորոշում, որոշումներու կայացման գործընթացներ, թափանցիկութեան, հաշուետուութիւններու և գնահատումի մշակոյթ»: «Առատ ձկնորսութիւն» տիտղոսով չորրորդ հատուածը` կը «Նշէ այն կերպը, որով հնարաւոր է նոր ձևերով զարգացնել պարգեւներու փոխանակումը և կապերու միահիւսումը, որոնք մեզ կը միացնեն Եկեղեցւոյ մէջ, ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, ուր վայրի մը մէջ արմատներ ունենալու փորձը խոր փոփոխութեան ենթարկուած է»: Ի վերջոյ Հինգերորդ հատուածը ունի միսիոներական հեռանկար` «Ես ալ ձեզ կ՛ուղարկեմ» ու «թոյլ կու տայ նայելու առնուելիք առաջին քայլին՝ հոգ տանել բոլորի կազմաւորման ի սպաս Սիւնհոդոսական միսիոներութեան»։

Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Սիւնհոդոսի փաստաթուղթի աւարտին կայ ամբողջական յանձնում մը Աստուածամօր։

«Վերապրելով սինոդալ գործընթացը,- այս է փաստաթղթի (154) եզրակացութիւնը,- մենք հասկացանք, որ ընդունուելիք և յայտարարուելիք փրկութիւնը կ՛անցնի յարաբերութիւններէն: Մեզի կը թուայ որ պատմութիւնը ողբերգական կերպով յատկանշուած է պատերազմով, իշխանութեան համար մրցակցութեամբ, հազարաւոր անարդարութիւններով ու ճնշումներով: Այնուամենայնիւ, մենք գիտենք, որ Հոգին իւրաքանչիւր մարդու սրտին մէջ դրած է իսկական յարաբերութիւնների և իսկական կապերու խոր և լուռ ցանկութիւն: Ստեղծագործութիւնն ինքնին կը խօսի միասնութեան և բաժնեկցութեան մասին, բազմազանութեան և կեանքի տարբեր ձևերու միահիւսման մասին» կը կարդանք Եզրափակիչ Փաստաթուղթի վերջին հատուածներուն մէջ ուր կայ նաեւ աղօթք առ Սուրբ Կոյս Մարիամ` Անոր հովանիին յանձնելու համար «այս Սինոդի արդիւնքները». «Թող Ան մեզի սովորեցնէ ըլլալ միսիոներական աշակերտներու ժողովուրդ, որոնք կը քալեն քայլում միասին. սինոդալ եկեղեցի» (155):

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/10/2024, 21:39