Որոնել

Մամլոյ ասուլիս Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ Մամլոյ ասուլիս Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ 

Սիւնհոդոս. Ուշադրութիւն ցուցաբերել երիտասարդներուն եւ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն

Սինոդոսականութեան նուիրուած սինոդի ընթացքին քննարկուած նիւթերու եւ կատարուած աշխատանքներու մասին մամլոյ ասուլիս։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 17 նոյեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ներկայացուեցաւ Սինոդին նուիրուած սինոդականութեան երկրորդ նստաշրջանին ժողովին ընթացքին քննարկուած նիւթերն ու կայացած աշխատանքները։

Սինոդականութեան վայրեր

Մամլոյ ասուլիսէն տեղեկացանք որ ժողովին ընթացքին քննարկուեցաւ «սինոդականութեան վայրերու» նիւթը, նկարագրուած որպէս բաց, հարազատ հանդիպումի տարածքներ, որոնք բաց են տարասեռ փորձառութիւններուն համար, ինչպէս օրինակ Միջերկրականի մէջ եկեղեցական ժողովի դէպքը, որ նուիրուած է գաղթականներու ձայները լսելուն։ Սինոդի ժամանակ ընդգծուած է Եկեղեցւոյ ծառայութեան կարեւորութիւնը՝ համերաշխութեան ցանցեր ընդունելու եւ ստեղծելու գործին մէջ։ Շեշտ դրուած է նաեւ աւելի ուշադրութիւն ցուցաբերելու հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն, ինչպէս նաեւ երիտասարդներուն ներգրաւումին, ընդգծելով ժողովրդապետութիւնները փոքր հասարակութիւններու վերակազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը։

Սինոդի տեղեկատւութեան յանձնաժողովի քարտուղար, Շէյրա Փերես, զգուշացուց որ առանց այս վերակազմակերպման, սինոդականութիւնը կարող է դառնայ ինքնակեդրոն։

Կրօնական առաքելութեան կարեւորութիւնը

Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան վերատեսուչ, Տիար Փաուլօ Ռուֆինին հաղորդեց որ ժողովին ընթացքին ընդգծուած է կրօնական առաքելութեան կարեւորութիւնը, տառապանքի շրջանակներէ ներս, կարեւորելով Հռոմի Քուրիայի կողմէ տեղական եկեղեցիներուն հետ աւելի ամուր խորհրդակցութեան անհրաժեշտութիւնը։
կրօնաւորները պէտք են աւելի յաճախ այցելել փոքր համայնքները, աւելի լաւ հասկնալու համար իրականութիւնը, որուն մէջ կը գործեն։

Քոյր Սամուէլա Ռիկոն, անդրադարձաւ սինոդի համընդհանրութեան նիւթին, ընդգծելով որ սինոդին երիտասարդներուն եւ աշխարականներուն մասնակցութիւնը, երկխօսութեան հնարաւորութիւններ կը շնորհեն, թէեւ վիճելի թեմաներու շուրջ լարուածութիւններ կան։ Ժողովին շեշտ դրուած է եղբայրական յարաբերութիւններ կառուցելու կարեւորութեան վրայ, ճանչնալով որ միշտ դիւրին չէ զանոնք կառավարելը։

Երիտասարդներուն ներգրաւումն ու հովուական ծառայութիւնը

Կարդինալ Շարլ Պօ, անդրադարձաւ Ասիոյ մէջ սինոդականութեան պատկերին, ընդգծելով երիտասարդներու ներգրաւման եւ հովուական ծառայութեան յառաջընթացը, ինչպէս նաեւ դիմադրութիւններն ու մարտահրաւէրները կապուած մշակոյթներուն տարբերութիւններուն հետ։

Կարդինալ Ժէրալտ Լաքրուա ընդգծեց ժամանակակից աշխարհի մէջ լսելու հրատապութիւնը եւ եկեղեցւոյ մէջ փոփոխութիւններուն պահանջը, թէ՛ իր իրականացած առաքելութեան ձեւին մէջ, թէ՛ կառոյցներուն մէջ, հոգեւոր կեանքը խորացնելու համար։

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ եկեղեցւոյ մէջ իշխանութիւնը ապակեդրոնացնելու անհրաժեշտութեան, անդրադառնալով ներկայի մարտահրաւէրներու լեզուին եւ մեթոտներուն յարմարեցումին կարեւորութեան։

Ի վերջոյ, սինոդը դիտուած է, որպէս շարունակական գործընթաց, յոյս ունենալով որ ձեռք բերուած փորձառութիւնները կրնան վերածուիլ թեմական սինոդներուն, խրախուսելով իրական երկխօսութիւն եւ խոր ունկնդրութիւն մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2024, 10:48