Որոնել

Սինոդի մասին մամլոյ ասուլիս Սինոդի մասին մամլոյ ասուլիս 

Սինոդ. Եկեղեցին թող աւելի ապակեդրոնացուած ըլլայ եւ ներդրում կատարէ թուային միջավայրերուն մէջ

Ուրբաթ, 18 հոկտեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մէջ տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ընթացքին ներկայացուեցաւ սինոդի նիւթերն ու աշխատանքները։Սինոդի գլխաւոր նիւթ եղած է եկեղեցւոյ ապակեդրոնացումին կարեւորութիւնը, տեղական եկեղեցիներու, յատուկէն Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներուն մարտահրաւէրները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 18 հոկտեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ 18 հոկտեմբերին, սինոդականութեան նուիրուած սինոդի ընթացքին քննարկուած նիւթերն ու աշխատանքները։

Մամլոյ ասուլիսէն տեղեկացանք, որ սինոդին աշխատանքներուն մէջ ընդգծուած է եկեղեցւոյ մէջ ապակեդրոնացման կարեւորութիւնը՝ ապահովուած ամուր սկզբունքներով, ինչպէս նուէրներու փոխանակումը, տեղական եկեղեցիներուն միասնութիւնն եւ օժանդակութիւնը։

Տեղական եկեղեցիներու մարտահրաւէրները

Սինոդի մասնակցած 332 անդամները անդրադարձած են տեղական եկեղեցիներուն, մասնաւորապէս արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներուն արդիականութեան ընդգծելով անոնց գոյատեւման, բարգաւաճման երաշխաւորման անհրաժեշտութիւնը։ Քննարկուած է նաեւ Սուրբ Զատկուայ տօնը միասնաբար կատարելը  եւ տարածքի հասկացողութեան վերաիմաստաւորումը, նկատի ունենալով սփիւռքի մարտահրաւէրները։

Սինոդի կեդրոնական նիւթերէն եղած է Հռոմի եւ արուարձաններու միջեւ ապակեդրոնացումը՝ ուղղուած հաւատացեալներուն համար աւելի մօտ եկեղեցւոյ խթանման՝ ապա պարզուած է, որ աւելի փոքր համայնքները կարող են օգուտ բերել թուային միջավայրին՝ հաղորդակցութիւն պահպանելու համար։

Ընդգծուած է նաեւ սինոդականութեան կարեւոր դերը՝ աշխարականներուն պատասխանատուութեան ամրապնդման համար, հրաւիրելով երիտասարդները ու կիները ներգրաւուելու՝որոշումներու կայացման գործընթացքին մէջ ։

Սինոդի ընթացքին տարբեր միջամտութիւնները անդրադարձած են աշխարհագրական տարածքներուն յատուկ մարտահրաւէրներուն, Միջերկրականէն ծովէն սկսեալ մինչեւ Ափրիկէ, նկարագրելով յոյսի եւ տառապանքի փորձառութիւնները։

Ընկերային, քաղաքական ,բնապահպանական դժուարութիւնները

Սինոդի մասին կայացած մամլոյ ասուլիսին, Ավելինէ, Ռուէտա եւ Մուլլա կարդինալները զրուցեցին ընկերային, քաղաքական, բնապահպանական դժուարութիւններու մասին, առաջարկելով Միջերկրականի նուիրուած սինոդ մը եւ միասնութեան անհրաժեշտութիւն մը՝ Լատին Ամերիկայի, Հարաւային Սուտանի խնդիրները լուծելու համար։

Ինչ կը վերաբերի սինոդի ամփոփիչ փաստաթուղթին, կարեւորուած է սինոդի փաստաթղթերը ամփոփող յանձնաժողովին կարեւորութիւնը՝ ապահովելու որ սինոդի առաջարկները կ՝արտացոլեն տեղի ունեցած քննարկումները։

Քննարկուած են նաեւ տարբեր հարցեր, ինչպէս բազմակնութիւնը, որ յատկապէս տարածուած է Ափրիկէի մէջ, ընդգծելով ներառական եւ համապարփակ մօտեցումին անհրաժեշտութիւնը, արձագանգելով ժամանակակից մարտահրաւէրներուն՝ խանդավառութեամբ եւ համատեղ պատասխանատուութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2024, 10:03