Որոնել

Սինոդ, մամլոյ ասուլիս Սինոդ, մամլոյ ասուլիս 

Սինոդ. Եկեղեցւոյ մէջ նորոգումի ուղի մը

21 հոկտեմբերին, սինոդականութեան նուիրուած սինոդի ընթացքին ներկայացուեցաւ վերջնական փաստաթուղթի նախագիծը ու սինոդի աշխատանքները սկսան Սուրբ Պատարագով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ Տիար Փաուլօ ՌուֆՖինին հաղորդեց, որ 21 հոկտեմբերին, առաւօտեան եկեղեցւոյ սինոդի ժամանակ ներկայացուեցաւ վերջնական փաստաթուղթի նախագիծը ու սինոդի աշխատանքները սկսան Սուրբ Պատարագով եւ եկեղեցական կեանքէն ներս ազատութեան եւ պատասխանատուութեան մասին խորհրդածութեամբ։

Վերջնական փաստաթուղթին նախագիծի մասին տիար Ռուֆֆինի յայտնեց, որ անիկա հիմնուած է համատեղ աշխատանքին վրայ ու համարուած է ժամանակաւոր ու այդ փաստաթուղթը կը ներկայացնէ խոր արտացոլում ձեռնարկուած սինոդալ ուղիին։

Սինոդի ընթացքին ընդգծուած է Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ, 14 նոր սուրբերուն սրբադասման կարեւորութիւնը, ըսաւ Տիար Ռուֆֆինի աւելցնելով որ Սինոդին խօսուեցաւ մարզանքի առնչուող միջոցառումի մը մասին ընդգծելով խաղաղութեան եւ փոխադարձ ծառայութեան շուրջ երկխօսութեան կարեւորութիւնը։

Ճեպազրոյցին, Հայր Ռատքլիֆֆէ Հրաւիրեց պատկերացնել եկեղեցի ըլլալու նոր ձեւեր, որոնք հանդէս կու գան, որպէս խաղաղութեան նշան այսօրուան աշխարհին մէջ

Քոյր Նաթալի Պէքարտ կարեւորեց կանանց եւ տարբեր ցեղերուն ընդգրկումը Սինոդի եւ համամիութենական երկխօսութեան մէջ։

Սինոդի նուիրուած Մամլոյ ասուլիսին, անդրադարձ կատարուեցաւ աշխարհականներուն պատասխանատուութեան եւ խաղաղութեան թեմաներուն եւ քննարկուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ կանանց դերը, ճանչնալով ներկայ ժամանակուան մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները ու յառաջացաւ նաեւ մտածելակերպի փոխակերպումի անհրաժեշտութիւնը՝յաղթահարելու համար ընկերային եւ մշակութային խոչընդոտները։

Ի վերջոյ Մամլոյ ասուլիսէն իմացանք որ սինոդականութեան նուիրուած սինոդը կը փորձէ յառաջ մղել կենդանի սինոդականութիւն մը, ունենալով խոր գործնական հետեւանքներ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ

Քոյր Փիրես նշեց որ յետմիջօրէին, սինոդի մասնակիցները կը հաւաքուին փոքր շրջանակներու մէջ նուէրներուն փոխանակման համար ինչպէս կ՝ըսէր Կարդինալ Կրէքը, կիսելու համար մարտահրաւէրներ, երազներ, ներքին ուժեր, եւ երազանքն ծնուած նոր փաստաթուղթով։

Սինոդի առաւօտեան աշխատանքները աւարտած են Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Հայր Մարչելլիօ Փերեզի նուիրուած աղօթքով, որ սպաննուեցաւ Մեքսիքոյին մէջ իր ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ սուրբ պատարագ մատուցանելէ յետոյ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/10/2024, 07:58