Սինոդ․ Անհրաժեշտ է փոխյարաբերութիւններու դարձ․ Փաոլօ Ռուֆֆինի
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ եւ Սինոդի Տեղեկատւութեան Յանձնաժողովի Նախագահ Փաոլօ Ռուֆֆինին, Վատիկանի Մամլոյ Սրահի մէջ 8 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ամփոփեց Սինոդի օրուայ արդիւնքները։
62 հազար եւրօ գումարը արդեն ուղարկուած է
Ան նախ տեղեկացուց, որ Կազայի մէջ պատերազմէն զոհուածներու համար հանգանակած ընդհանուր 62 հազար եւրօ գումարը, որմէ 32 հազարը նուիրաբերած են Սինոդի մասնակիցները, արդեն Սուրբ Ընտանիք ժողովրդապետութեան ժողովրդապետ Հայր Գաբրիէլ Ռոմանելլիի տրամադրութեան տակ է։ Այդ առթիւ քանի մը երիտասարդներու եւ ծխականներու շնորհակալական տեսերիզը Սինոդի մասնակիցները ծափահարութիւններով ողջունած են։
Բուժել գայթակղութիւններէն վիրաւոր յարաբերութիւնները
Ռուֆֆինին անդրադարձաւ ապա Սինոդի բուն քննարկումներուն, նշելով, որ առաւօտեան 350 մասնակիցներու կողմէ ընտրուեցան Վերջնական Փաստաթուղթի խմբագրման համար Յանձնաժողովի 14 նախատեսուած անդամներէն 7ը։
Անորմէ ետք այսպէս կոչուած լեզուական կլոր սեղանները ներկայացնելով իրենց զեկոյցները, անդրադարձան ի մասնաւորի քրիստոնէական սկզբնաւորման կարեւորութեան, միշտ աւելիով սիւնհոդոսական Եկեղեցի դառնալու համար անհրաժեշտ նկատելով «փոխյարաբերութիւններու դարձը», շեշտեց Ռուֆֆինին:
Մինչ Շեյլա Փիրես, Տեղեկատւութեան Յանձնաժողովի Քարտուղարը, իր հերթին նշեց, որ «ոմանք ընդգծած են Եկեղեցւոյ մէջ «գայթակղութիւններէն վիրաւոր յարաբերութիւնները բուժելու» անհրաժեշտութիւնը՝ «սինոտալ ճանապարհին վստահութիւնը ամրապնդելու համար»։
Աղքատներու հանդէպ սէրը
Փիրես, բացի այդ, անդրադարձաւ սարկաւագութեան եւ Աստուծոյ Ժողովրդի եկեղեցաբանութեան եւ գթասիրութեան ու առաքելութեան կարեւորութեան հայող մտքերուն, ընդգծելով, որ աղքատներու հանդէպ սէրը, կը ծնի Սուրբ Հաղորդութենէն. պէտք ենք գթասիրութիւն ցուցաբերել, ինչպէս Աւետարանը կը սորվեցնէ, յատկապէս անոնց, որոնք մեկուսացած են, անցանկալի եւ նոյնիսկ երբեմն իրենց Եկեղեցիէն հեռացուած կը զգան»:
Եկեղեցւոյ մէջ ապրելակերպը փոխելու անհրաժեշտութիւնը
Նորանշանակ Կարդինալներ Տoկպo եւ Գիգուչի իրենց ելոյթներու մէջ շեշտեցին նաեւ Եկեղեցւոյ մէջ ապրելակերպը փոխելու անհրաժեշտութիւնը՝ մէկը միսին ունկնդրելու եւ ճանչնալու միջոցաւ, ինչը «թոյլ կու տայ իւրաքանչիւրին իր տեղն ունենալ եկեղեցական համայնքի կեանքէն ներս» եւ «փնտռել, գտնել և կառուցել ընդհանուր հիմք սիւնհոդոսականութեան ճամբայէն ներս»։
Սինոդի կառավարումը
Մամլոյ ասուլիսին մասնակցող եւս մէկ նորընտիր Կարդինալ՝ Արքեպիսկոպոս Սփենկլեր, նոյնպէս պատասխանեց շարք մը հարցերու։ Սինոդի կառավարման ոճին անդրադառնալով՝ ան որոշիչ համարեց «հեղինակութեան հարցը» եւ մէջբերեց Պօղոս Զի խօսքերն առ այն, որ մարդը «ուսուցիչներու վկաներուն շատ աւելի ուշադրութեամբ կ’ունկնդրէ, եւ եթէ կ’ունկնդրէ ուսուցիչներուն, ապա որուհետեւ զանոնք վկաներ են»։ Ուստի, եզրակացուց Կարդինալը, «իշխանութիւնը կը բխի ոչ թէ «ընկերաբանական գործօնէն», այլ՝ «բարոյագիտական, բարոյական և կրօնական» վկայութենէն:
Սինոդի համար «բրգաձեւ» ոճ որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը
Հայեցակարգ, որ ընդունուեցաւ նաև կարդինալ Գիգուչիի կողմէ, որ հաստատեց Սինոդի համար «բրգաձեւ» ոճ որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը, բացատրելով, որ այդ մէկը չպէտք է հանգեցնէ բացառապէս «համաձայնութեան» վրայ հիմնուած գործողութիւններու։ Սիւնհոդոսականութիւնը, ըստ անոր, կ’իրականացուի նաեւ «ընդհանուր զատորոշումի» միջոցաւ, եւ կայ մէկ մը, որ վերջնական որոշումներ պիտի կայացնէ»։
Քահանայական կուսակրօնութեան նիւթը
Քահանաներու կուսակրօնութեան նիւթին հայող հարցին անդրադառնալով՝ Կարդինալ Սփենկլեր նշեց, որ չգիտէ, թէ որն է ճամբան, սակայն շեշտեց, որ «անկեղծութեան եւ բացութեան կարիք կայ» եւ հարցը պէտք է դիմագրաւել՝ նկատի առնելով անոր «աստուածաբանական կողմերը, ինչպէս նաև ժամանակի նշանները»։
Արծարծուեցան նաեւ շարք մը այլ հարցեր, անոնց շարքին յատուկէն անդրադարձ եղաւ Ամազոնի բնիկ համայնքներու համար յատուկ ծէս ստեղծելու հնարաւորութեան եւ կլիմայի փոփոխութիւններու հետ կապուած խնդիրներուն մեծ ուշադրութիւն յատկացնելու կարեւորութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ