Որոնել

Միջուկային զէնքեր Միջուկային զէնքեր  (Gerasimov)

Արք. Քաչիա մտահոգութիւն յայտնեց մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը նշեց որ միջուկային զէնքին վրայ ծախսուող դրամները կարել է օգտագործել համաշխարհային անվտանգութեան համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ, արք Կապրիէլէ Քաչիա, մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի 79-րդ ընդհանուր նստաշրջանին, առաջին կոմիտէի քննարկումներուն։ Ան մտահոգութիւն յայտնեց մարդու արժանապատւութեան վերաբերեալ,
ապա հաստատեց որ մարդու արժանապատւութիւնը ներքին իրաւունք է եւ էական նշանակութիւն ունի միւս բոլոր իրաւունքները իրականացնելու համար, ընդգծելով Սուրբ Աթոռի հակադրութիւնը՝ մահապատիժի եւ արհեստական ընդհատումին, որոնք համարուած են կեանքի իրաւունքի խախտումներ։

Յաջորդ ելոյթին մէջ Արք Քաչիա անդրադարձաւ նաեւ միջուկային նիւթին՝ մտահոգութիւն յայտնելով միջուկային հակամարտութեան վտանգին եւ սպառազինութեանն մրցավազքի վերաբերեալ։

Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը քննադատեց միջազգային հանրութիւնը, իր պառակտումին համար եւ կոչ ըրաւ համապարփակ զինաթափումին, ընդգծելով թէ միջուկային զէնքին վրայ ծախսուող դրամները կրնան օգտագործուիլ համաշխարհային անվտանգութեան համար։

Արք Քաչիա հիասթափութիւն յայտնեց աճող բեւեռացումին համար, որ կարող է խոչընդոտել միջուկային զէնքի չտարածման պայմանագիրի վերանայման առաջընթացը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/10/2024, 11:09