Որոնել

2024.10.18 Sinodo dei Vescovi - Circoli Minori

Կարդինալ Ֆերնանտէսի՝ Եկեղեցւոյ մէջ կանանց դերին հայող առաջարկը

Հաւատքի վարդապետութեան Վերատեսուչը Սինոդի՝ 21 Հոկտեմբերին կայացած ընդհանուր ժողովի ընթացքին անդրադարձած է Եկեղեցւոյ մէջ կնոջ դերին եւ այդ առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապին մտահոգութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Յառաջիկայ հինգշաբթի օրը՝ 24 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 16.30ին, Հաւատքի Վարդապետութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Վիքթոր Մանուէլ Ֆերնանտէսը պիտի հանդիպի այն անձերուն, որոնք ցանկութիւն յայտնած են ներկայացնել իրենց «գաղափարները Եկեղեցւոյ մէջ կնոջ դերի մասին»՝ մշտական​​սարկաւագութեան նիւթին շուրջ։

Այս մասին Կարդինալն անձամբ յայտնած էր 21 Հոկտեմբերի առաւօտեան՝ Սինոդի ընդհանուր ժողովի ընթացքին իր միջամտութեան մէջ եւ այդ ուղղութեամբ երեք կարեւոր շեշտադրումներ կատարած։

Առաջնահերթութիւնը․ կեդրոնանալ Եկեղեցւոյ մէջ կնոջ դերին

Ան նախ շեշտած է Եկեղեցւոյ մէջ կանանց դերի հանդէպ Ֆրանչիսկոս Պապին մտահոգութիւնը եւ՝ Անոր խօսքերով, ընդգծած է թէ որն է խնդրի առաջնահերթութիւնը․ «կնոջ սարկաւագութեան խնդիրը ներկայիս հասուն չէ, մինչդեռ շատ կարեւոր է այսօր կեդրոնանալ Եկեղեցւոյ մէջ կնոջ դերի եւ անոր շուրջ զարգացումներուն վրայ»։

Օգտագործել առկայ հնարաւորութիւնները

Ասկէ մեկնելով Կարդինալ Ֆերնանտէսը առաջարկած է օգտագործել առկայ հնարաւորութիւնները։ Ըստ անոր արդեն իսկ կան հնարաւորութիւններ, բնագաւառներ ու դերեր, որոնք կանայք կարող են զբաղեցնել։ Անհրաժեշտ է սակայն յաղթահարել որոշակի խոչընդոտներ՝ անոնց լիարժէք իրականացման համար:

Օրինակ, նշած է ան, «երբ ստեղծուեցաւ կրօնը դասաւանդելու նոր ծառայութիւնը, Աստուածային Պաշտամունքի Վերատեսչութիւնը նամակ ուղարկեց Եպիսկոպոսական ժողովներուն»՝ առաջարկելով այն ինչ որ Նորին Սրբութիւնը առաջարկած է «Querida Amazonia»` Ամազոնի մասին իր յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրին մէջ, այսինքն՝ քահանաներու բացակայութեան պարագային, ի աջակցութիւն համայնքներուն ներգրաւել կին կրօնուսոյցները։ Բայց միայն շատ քիչ Եպիսկոպոսական ժողովներ արձագանքած են եւ «շատ անգամ քահանաները չեն ցանկանար կանանց ներկայացնել եպիսկոպոսին այս ծառայութեան համար», ըսած է Կարդինալ Ֆերնանտէսը եւ ասկէ մեկնելով կատարած է իր երրորդ շեշտադրումը.՝ կարեւորելով իրականութեան վրայ հիմնուած խորհրդածութիւնը։

Վկայութիւններ՝ խթանելու համար իրականութեան վրայ հիմնուած խորհրդածութիւնը

«Խնդրեցի իմ Վերատեսութիւն ուղարկել բոլոր այն կանանց վկայութիւնները, որոնք իսկապէս համայնքներու ղեկավարներ են, կամ որոնք կ՛ իրականացնեն հեղինակութեան կարեւոր դերեր», նշած է Ան՝ դիտել տալով թէ առ աւելին ինք խնդրած է նաեւ, որ «յատկապէս Սինոդի մասնակից կանայք օգնեն հասկանալու, բացատրելու եւ Վերատեսչութիւն առաջարկներ ուղարկելու իրենց իրականութիւններէն ներս Եկեղեցւոյ ղեկավարութեան կանանց մասնակցութեան համար հնարաւոր ուղիներու վերաբերեալ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/10/2024, 08:33