Կարդինալ Ծուփփին վերադարձաւ Մոսկուա՝ խաղաղութեան հասնելու եւ Ուքրանացի երեխաները իրենց ընտանիքներուն վերամիաւորելու առաքելութեան համար։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ, կարդինալ Մաթթէօ Զուփփի 16 ամիս ետք, երկրորդ անգամուան համար Մոսկուա վերադարձաւ՝ որպէս առաքելութիւն, Սուրբ Աթոռին մարդասիրական նախաձեռնութեան ծիրէն ներս Խաղաղութեան ուղիներ գտնելու համար «մարտիրոսացած» Ուքրանիոյ, այս մասին լուրը Հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն, Մաթթէօ Պրունին։
«Ես կը հաստատեմ, որ այսօր սկսաւ Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ, կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփին այցը Մոսկուա՝ երկրորդ անգամուան համար, անցեալ տարի Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ իրեն յանձնուած առաքելութեան շրջանակէն ներս՝ հանդիպելու եւ գնահատելու համար հետագայ Ուքրանացի երեխաներու իրենց ընտանիքներուն վերամիաւորման եւ ռազմագերիներու փոխանակման ջանքերուն նպաստելու համար», նշուած է Հաղորդագրութեան մէջ։
«Կարդինալ Զուփփի այսօր առաջին հանդիպումը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար, Սէրկէյ Լաւրովի հետ«։ Այս մատին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ընդգծելով որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են «Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի շրջանակէն ներս մարդասիրական ոլորտի համագործակցութիւնը» ինչպէս նաեւ միջազգային ասպարէզէն ներս տարբեր հարցեր։ Միեւնոյն յայտարարութեան մէջ կատարուած է հետեւեալ գրառումը «Ռուսիոյ եւ Վատիկանի միջեւ երկխօսութեան կառուցողական զարգացում»։
Յայտնենք, թէ Կարդինալ Զուփփի Քիեւ այցելած էր 28 եւ 29 յունիս 2023ին՝ իր առաքելութեան երկրորդը փուլը Քիեւ այցելելէ ետք եւ որուն ընթացքին հանդիպած է նախագահ Վոլոտիմիր Զելեսնքիին հետ։
48 ժամ տեւողութեամբ Ռուսիա այցելութեան ընթացքին ծիրանաւորը հանդիպում ունեցած էր Մոսկուայի Կիւրեղ Պատրիարքին հետ, Սուրբ Աթոռի կողմէ սահմանուած «Արդիւնաւէտ» հանդիպում մը, որուն ընթացքին կարդինալ Զուփփին Մոսկուային պատրիարքին փոխանցած է Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնները։Կարդինալ Զուփփին մասնակցած է նաեւ մարդասիրական նախաձեռնութիւններուն, որոնք կարող են նպաստել խաղաղ լուծման։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ