Սինոդը սկիզբ առաւ պատերազմներու զոհերուն համար աղօթքի յորդորով
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 2 Հոկտեմբերի Վատիկանի Պօղոս Զ Դահլիճէն ներս՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ներկայութեամբ, սկիզբ առաւ Եպիսկոպոսներու Սինոդի ԺԶ Ընդհանուր Ժողովի Երկրորդ Նստաշրջանը։
Նորին Սրբութեան կողմէ ստեղծուած 10 նիւթերու հայող Ուսումնական խումբերու ներկայացուցիչները Սինոդի մաս կազմող 368 անդամներուն ներկայացուցին իրենց աշխատանքային ծրագիրները՝ կարեւորելով տարբեր ազգերու եւ կրօններու ներկայացուցիչներու մէկը միւսին ունկնդրութիւնը եւ հայեացք նետելով շարք մը արդիական նիւթերու վրայ, սկսելով աշխարհը պատուհասած պատերազմներէն, որ այսօր առ աւելիով կը սպառնան ընդլայնուիլ, մինչեւ ափրիկեցի քրիստոնեաներու բազմակնութեան հարցին լուծումներ առաջարկելու անհրաժեշտութիւնը։
Ելոյթներով հանդէս եկան ի միջի այլոց Եպիսկոպոսներու Սինոդի Ընդհանուր Քարտուղար Կարդինալ Մարիօ Կրէք, Եպիսկոպոսներու Սինոդի ԺԶ Ընդհանուր Ժողովին Գլխաւոր Զեկուցող Կարդինալ Ժան Քլոտ Հոլլերիխ, Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթի, Քինշասայի Արքեպիսկոպոս Ֆրիտոլին Ամպոնկօ։
Խաղաղութեան պարգեւը
«Մինչ մենք կը նշենք այս Վեհաժողովը, աշխարհի շատ մասերու մէջ պատերազմներ կ’ընթանան», ընդգծեց իր խօսքին մէջ Կարդինալ Կրէք, որ բացումը կատարեց Ժողովին եւ հռետորական հարցում մը ուղղեց ներկաներուն․ «Քանի՞ սերունդ պէտք է անցնի, որպէսզի պատերազմող ժողովուրդները կրկին կարողանան «միասին նստիլ» եւ խօսիլ իրարու հետ՝ միասին կառուցել խաղաղ ապագայ»: Հետեւաբար ան յորդորեց Սինոդի մասնակիցներուն միաւորել ուժերը՝ «աղօթելու բոլոր ժողովուրդներու համար յանուն խաղաղութեան թանկարժէք պարգեւի»։
Սինոդը՝ հաւատալի վկայութիւն
Այս չդադարող աղօթքը պէտք է զուգակցուի «հաւատալի վկայութեան» հետ։ Իսկ Սինոտալ Ժողովն ինքնին «հաւատալի վկայութիւն է». «Այն փաստը, որ աշխարհի բոլոր կողմերէն տղամարդիկ եւ կանայք միասին եկած են՝ ունկնդրելու Հոգիին՝ ունկնդրելու մէկը միւսին, զանազանութեան նշան է աշխարհի համար», ընդգծեց Կարդինալ Կրէք։
Ներդրումներ ամբողջ աշխարհէն
Ան բացատրեց նաեւ, որ 108 ազգային ամփոփիչ փաստաթղթերը՝ պատրաստուած ողջ աշխարհի Եպիսկոպոսաց Դասերու կողմէ, որոնց կը գումարուին 9ն՝ Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներէն, 4ը՝ Եպիսկոպոսներու ժողովներէն՝ այլ խումբերու ու անհատներու կողմէ ազատօրէն ուղարկուած դիտարկումներուն հետ միասին առանցքը կը կազմեն Աշխատանքային թղթածրարին (Instrumentum Laboris) եւ արդեն Սինոդի Ընդհանուր քարտուղարութեան տրամադրութեան ներքոյ են։
Երկրորդ աշխատանքային թղթածրարը՝ «մէկ ուղղութեամբ» գործողութիւններու մշակում
Սինոդի ԺԶ Ընդհանուր Ժողովին Գլխաւոր Զեկուցող Կարդինալ Ժան Քլոտ Հոլլերիխ, խօսք առնելով նշեց, որ այս երկրորդ «Instrumentum Laboris»ը՝ առաջինի համեմատ, այլ փաստաթուղթ մըն է՝ «որովհետեւ նախորդը շուրջ 300հարցումներ կը պարունակեր, մինչ երկրորդի մէջ այդ հարցադրումները փոխակերպուած են «մէկ ուղղութեամբ» գործողութիւններու, պարզաբանելով որ , այդուամենայնիւ, անիկա «վերջնական փաստաթուղթին նախագիծը չէ, այլ՝ արդիւնքներու հաւաքագրում, իսկ ժողովականներու խնդիրը զանոնք զատորոշելն է»:
Արեւելեան Եկեղեցիներու ողբերգութիւնը
Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին ներկաներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց «այսօրեայ ողբերգական իրավիճակին. ռումբեր, հրասայլեր, որոնք ամենուր եւ ողբերգական կերպով կ’ոչնչացնեն ոչ միայն մարդիկը, այլեւ յոյսերը»՝ վտանգելով Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու նոյնինքն գոյութիւնը պատերազմական տարածքներու մէջ: Ուստի, Կարդինալ Կուճերոթթիին խումբը Սինոդի մէջ իր առջեւ խնդիր դրած է «լատիններէն խնդրել, որոնք աւելի ուժեղ եւ կազմակերպուած են, օգնելու մեր այս եղբայրներուն աւելի լաւ ապրելու, յատկապէս ծանր արտագաղթէն ետք»։ Յիրաւի, որոշ Եկեղեցիներու «հաւատացեալներու զգալի մեծամասնութիւնը՝ պատերազմներէն աւերուած իրենց հողերու փոխարէն սփիւռքի մէջ կ’ապրի»:
Բազմակնութեան հարցը
Որոշ բանախօսներ հանդէս եկան լսատեսողական ելոյթներով։ Անոնց մէջ հետաքրքրական էր Քինշասայի Արքեպիսկոպոս Ֆրիտոլին Ամպոնկոյի ելոյթը։ Վերջինս կեդրոնացաւ ափրիկեան շատ Երկիրներու մէջ քրիստոնեաներու բազմակնութեան հայող բարդ նիւթին շուրջ․ «Հովուական խնամքի ո՞ր ձեւն է առաւել նպատակայարմար բազմակին յարաբերութիւններով մարդոց ուղեկցելու համար»։ Ըստ Արքեպիսկոպոսին ճիշտ այս հարցէն պէտք է սկսիլ գործողութիւն մշակել՝ խորանալով այդ երեւոյթի ձեւերու, դրդապատճառներու եւ վարդապետութեան մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ