2020.10.19 Mons. Gabriele Caccia nuovo Osservatore Permanente della Santa Sede presso l’ONU

Անհրաժեշտ է մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգելման եւ պատժի բազմակողմ գործիք․ Գերապայծառ Քաչա

Սուրբ Աթոռի Մնայուն Դէտը ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿի Գլխաւոր Ժողովի վեցերորդ կոմիտէի «Մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու մասին Հռչակագրի» նախօրինակի քննարկումներու ընթացքին։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Երկուշաբթի՝ 14 Հոկտեմբեր 2024ին, ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ժողովի վեցերորդ կոմիտէին քննարկման նիւթը «Մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու մասին հռչակագրի» նախօրինակն էր։ Այս առիթով ելոյթով հանդէս եկաւ ՄԱԿի մօտ Սուրբ Աթոռի Մշտական Դիտորդ Գերապայծառ Կապրիելէ Քաչան։

«Սուրբ Աթոռը կ’աջակցի մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգելման եւ պատժի վերաբերեալ համընդհանուր, բազմակողմ, իրաւաբանօրէն պարտադիր փաստաթղթի կնքման՝ գոյութիւն ունեցող սովորութային իրաւունքի հիման վրայ, իւրաքանչիւր մարդու արժանապատւութիւնը պաշտպանելու, միջազգային համագործակցութիւնը խթանելու եւ յանցագործներու անպատժելիութեան վերջ դնելու նպատակով», հաստատեց Վատիկանի ներկայացուցիչը իր ելոյթին մէջ։

Գերապայծառ Քաչան քննարկուող նիւթի ծիրէն ներս կարեւորեց միջազգային սովորութային իրաւունքը, որ ըստ անոր, «վաղուց ի վեր մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները ճանչցած է, որպէս միջազգային յանցագործութիւն», եւ այդ կապակցութեամբ անհրաժեշտ համարեց «համընդհանուր, բազմակողմ, իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնող գործիքի» ստեղծումը՝ ուղղուած այդ զազրելի արարքները կանխելու եւ պատժելու միջազգային համագործակցութեան դիւրացման։

Պէտք չեն փոխել արդեն համաձայնեցուած սահմանումները

«Նոր գործիքը, սակայն, պէտք է խորապէս արմատաւորուած ըլլայ միջազգային սովորութային իրաւունքի մէջ», նկատել տուաւ Վատիկանի դիւանագէտը ու, ասկէ մեկնելով իր անհանգստութիւնը յայտնեց Հռչակագիրի 7րդ Յօդուածի առնչութեամբ, որտեղ կը բացակայի «երկու սեռերու յստակ սահմանումը»։ Այդ բացթողումը, շեշտեց Ան, կարող է «խաթարել մեր ջանքերը՝ կանխելու եւ հետապնդելու այն յանցագործութիւնները, որոնց ազդեցութիւնը անհամաչափօրէն մեծ է կանանց վրայ, ինչպիսիք են բռնաբարութիւնը, սեռական ստրկութիւնը եւ հարկադիր մարմնավաճառութիւնը: Սուրբ Աթոռը նմանապէս չի կարող համաձայնիլ այդ նոյն յօդուածի մէջ հարկադիր յղիութեան սահմանման առնչուող որեւէ փոփոխութեան», պնդած է ան։

Յարգել այլ պետութիւններու ինքնիշխանութիւնը՝ հիմնուելով փոխլրացման սկզբունքի վրայ

Գերապայծառ Քաչան, այլ շեշտադրում մը կատարեց հայող «մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները կանխելուն եւ պատժելուն ուղղուած ջանքերուն» որոնք «պէտք են յարգել այլ պետութիւններու ինքնիշխանութիւնը՝ հիմնուելով փոխլրացման սկզբունքի վրայ»։

Այդ մէկը կը նշանակէ, որ իւրաքանչիւր նոր համաձայնագիր պէտք է հիմնուի արդեն ամրագրուած նախադէպներուն եւ անդամ պետութիւններու ստանձնած պարտականութիւններուն վրայ՝ յարգելով օրինականութեան սկզբունքը եւ քրէական արդարադատութեան հիմնական սկզբունքները, ներառեալ պատշաճ դատավարութեան իրաւունքը եւ անմեղութեան կանխավարկածը։

Նոր գործիքը պէտք է նաեւ պաշտպանի զոհերու արժանապատւութիւնը

Սուրբ Աթոռի Մնայուն Դէտը, ի վերջոյ նշեց, որ․ «նոր գործիքը պէտք է նաեւ պաշտպանէ զոհերու արժանապատւութիւնը՝ օրէնքով ամրագրելով անոնց փոխհատուցում եւ օգնութիւն ստանալու իրաւունքը՝ անոնց կրած վնասը վերականգնելու եւ հասարակութեան մէջ ընդելուզման նպաստելու համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2024, 12:55