Սիւնհոդոսէն դրամահաւաք` Կազայի բնակչութեան համար
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Աղօթքի եւ ծոմապահութեան օր, նաեւ Սիւնհոդոսի մասնակցողներուն համար, որոնք այսօր հրաւիրուեցան գործնական արարք մը կատարելու Կազայի բնակչութեան համար։ Արդարեւ Քահանայապետի ողորմաբաշխ Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքին դրամահաւաք կազմակերպած է ի նպաստ Կազայի Սուրբ Ընտանիք ժողովրդապետութեան, որուն ժողովրդապետը` Հայր Ռոմանելլին է, որուն հետ Սրբազան Քահանայապետը մշտական կապի մէջ է։
Այսօր առաւօտեան Ան սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստին սկիզբը խօսք առնելով տեղեկացուց թէ կէսօրէն ետքը ինք, նիստերու բացումէն առաջ, պիտի կանգնի դռան մօտ «զամբիւղով» որուն հասոյթը պիտի ուղարկուի Կազա։
«Սրբազան Պապը խնդրեց որ այսօր առանձնապէս միասնական ըլլանք աղօթքի մէջ և աղօթելով, ծոմ պահենք խաղաղութիւն աղերսելով համայն աշխարհին համար: Բայց կարելի չէ աղօթք ու ծոմ պահել առանց ողորմութեան, որ պէտք է մեզ տանջէ, նոյնիսկ պէտք է ցաւ պատճառէ, որովհետև մենք կը հրաժարինք այն բաներէն որ մեզի կը պատկանին, որպէսզի տանք դժուարութեան մէջ գտնուողներուն կամ նոյնիսկ մահացողին» կը կարդանք Առաքելական Ողորմբաշխութեան այս առիթով հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ