Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս յոբելենական պազիլիքան
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
«Քաղաքներու եւ երկիրներու ողջ եկեղեցիներուն Մայր» այսպէս ճանչցուած է Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս պազիլիքան՝ օծուած Սուրբ Սիլվեսթր Ա Պապի կողմէ՝ Կոստանդիանոս կայսրին շինարարութենէ եւ ֆինանսաւորումէն ետք, 324 թուականին, դառնալով Հռոմի առաջին եկեղեցին, ուր քրիստոնեաները կրցած են ազատօրէն եւ հրապարակայնօրէն կատարել իրենց ծիսական արարողութիւնները։
«Clemens XII Pont Max Anno V Christo Salvatori In Hon SS Ioan Bapt et Evang»․ այս լատիներէն մակագրութիւնը կը կարդանք Պազիլիքայի ճակատին վրայ, որ թարգմանաբար կը նշանակէ. «Կղէմէս ԺԲ Պապը (իր Քահանայապետութեան) հինգերորդ տարիին նուիրած է Ամենափրկիչ Յիսուսին, ի պատիւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի եւ Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչի»։ Յիրաւի, տաճարը նախ նուիրուած էր Յիսուս Ամենափրկչին, իսկ դարեր անց՝ նաև Յովհաննէս Մկրտիչին եւ Յովհաննէս Աւետարանիչին։
Սուրբ Յոբելեան
1300 թուականին Պոնիֆաչիօ Պապի կողմէ յայտարարուած առաջին Յոբելենական Սուրբ Տարին կ’ընդգրկեր Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս պազիլիքաները, զոր ուխտաւորները պէտք էին անդադար այցելել՝ մեղքերու լիակատար թողութիւն ստանալու համար։
Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս պազիլիքան անոնց մաս կազմեց Երկրորդ Յոբելեանի ժամանակ 1350 թուականին։ Աւելի ուշ յոբելենական ուղիին միացաւ նաեւ քահանայապետական չորրորդ աթոռանիստ Եկեղեցին՝ Սանթա Մարիա Մաճճորէն՝ հաշուի առնելով ուխտաւորներու մեծ հոսքը եկեղեցի։
Հնագոյն ժամանակներէն ի վեր
«Սուրբ Փրկիչ եւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչ» պազիլիքան Հռոմի մէջ գտնուող Քահանայապետական չորս պազիլիքաներէն, ինչպէս նաեւ Արեւմուտքի մէջ գտնուող եկեղեցիներէն ամէնէ հինն է եւ պատմութեան ընթացքին իր բացառիկ կարեւորութեան համար արժանացած է բազմաթիւ տիտղոսներու՝ ամրագրուած ինչպէս տաճարի ճակատային հատուածի մակագրութիւններով՝ օրինակ «Mater et caput omnium ecclesiarum – Բոլոր եկեղեցիներու Մայր եւ Գլուխ», այնպէս ալ արտացոլուած տարբեր աղբիւրներու մէջ․ «Քահանայապետական գիրք - Liber Pontificalis», «Տիեզերական եկեղեցի - Ecclesia universalis»։
Իր պատմութեան 17 դարերու ընթացքին հանդիսացած է հինգ Տիեզերական Ժողովներու նստավայր։
Յիշեցնենք, որ 2023ի 9 Նոյեմբերէն մինչեւ առաջիկայ՝ 2024ի 9 Նոյեմբեր Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս պազիլիքան կը նշէ իր օծումի 1700 տարիներու պատմութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ