Որոնել

Տիփավալի՝ լոյսի տօնը Տիփավալի՝ լոյսի տօնը  (ANSA)

Միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսչութեան շնորհաւորական պատգամը Ինտուներուն Տիփավալի տօնին առթիւ

Բազմազանութեան հարստութիւնը գնահատելու համար անհրաժեշտ է քանդել կարծրատիպները եւ խրախուսել երկխօսութիւնը տարբեր կրօններու միջեւ։ Կրօնական առաջնորդները վճռորոշ դեր ունին ոգեշնչելու համար հասարակութիւնները ՝աշխատելու ընդհանուր ներդաշնակութեան ուղղութեամբ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 24 հոկտեմբերին, Միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսչութիւնը շնորհաւորական պատգամ մը յղեց Տիփավալի՝ Լոյսերու տօնին կապակցութեամբ։

Պատգամին մէջ Միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսչութիւնը փոխանցելով իր ողջոյնները Տիփավալի՝ Լոյսերու տօնին առիթով ապահովուած է իր աղօթքը, որպէսզի Աստուած սիրտերը եւ միտքերը լեցնէ խաղաղութեամբ եւ ուրախութեամբ։

Պատգամին կը կարդանք, որ միշտ փոփոխութեան ենթարկուող Ժամանակից հասարակութիւններուն մէջ, ուր միատեղ կ՝ապրին մշակոյթները, կրօնները, տարբեր գաղափարախօսութիւնները, կրնան դառնալ աճի կամ հակամարտութիւններուն պատճառ ու Ինտուներու եւ քրիստոնեաներու համար կարեւոր է ներդաշնակութեան խթանումը, հակառակ բոլոր տարբերութիւններուն։

Պատգամին մէջ նշուած է, որ պատմութիւնը բացայայտած է, որ մարդկութիւնը ստէպ յոգնած է խաղաղութեան մէջ ապրելէ՝ բազմազանութեան պատճառաւ։ Սակայն ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապ նշած է, որ բազմազանութիւնը կրնայ առիթ դառնալ, ներառական համայնք կառուցելու ու ներդաշնակութեան նպաստելու համար անհրաժեշտ է յարգել տարբերութիւնները եւ բոլորին ապահովուելով ընդելուզում։ Բազմազանութիւնը հետեւաբար սպառնալիք չէ, այլ հնարաւորութիւն՝ ներդաշնակութեան մէջ միատեղ ապրելու։

Դժբախտաբար, կան այնպիսի գաղափարախօսութիւններ ինչպէս ցեղապաշտութիւնն ու ծայրայեղականութիւնը կը սպառնան այդ իտէալին, առաջացնելով կասկածներ եւ ատելութիւն։ Ասոր համար Հրամայական է վերամիաւորուիլ աստուծոյ ծրագիրին հետ, անձերու միջեւ եղբայրութեան զգացում սնուցանելու համար, յաղթահարելով ընկերային եւ մշակութային գետնի վրայ բաժանումներն ու աններդաշնակութիւնները։

Ներդաշնակութիւնը խթանելու համար անհրաժեշտ է միասնական գործը, ներգրաւելով անհատները, ընտանիքները, հաստատութիւնները եւ լրատուամիջոցները։

Բազմազանութեան հարստութիւնը գնահատելու համար անհրաժեշտ է քանդել կարծրատիպները եւ խրախուսել երկխօսութիւնը տարբեր կրօններու միջեւ։ Կրօնական առաջնորդները վճռորոշ դեր ունին ոգեշնչելու համար հասարակութիւնները ՝աշխատելու ընդհանուր ներդաշնակութեան ուղղութեամբ

Քրիստոնեաները եւ ինտուները պէտք է, որ դաշնակցին բարիք կամք ունեցող անձերու հետ, խթանելու համար ներդաշնակ համակեցութիւն, գործելով պատասխանատուութեան եւ ներառական եղբայրութեան մէջ, որպէսզի տարբերութիւնը տեսնուի որպէս աղբիւր եւ ոչ որպէս խոչընդոտ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2024, 10:11