Որոնել

Սուրբերու շարքին 14 երանելիներ Սուրբերու շարքին 14 երանելիներ 

Սրբադասման արարողութիւն. Սուրբ կը Հռչակուին նաեւ Մարոնի համայնքէն երեք աշխարականներ

Ֆրանչիսկոս Պապ կը գլխաւորէ 14 երանելիներուն սրբադասման արարողութիւնը։ Սուրբերուն շարքին են նաեւ Մարոնի համայնքէն դամասկոսի մէջ իրենց դաւանած քրիստոնէական հաւատքին համար նահատակուած երեք աշխարականներ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 19 հոկտեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ զրոյց Հանդիպում լրագրողներուն հետ, կիրակի 20 հոկտեմբերին, Սուրբ Պետրոսի հարապակին վրայ նախատեսուած Սրբադասման արարողութեան վերաբերեալ։ Զրոյց հանդիպումին, սուրբերու շարքին դասուած Մարոնի երեք երանելիներու սրբադասման մասին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հռոմի մէջ Անտիոքի Մարոնիներու գործակալ, գերապայծառ Ռաֆիք Վարշա։

14 երանելիներուն Սրբադասման արարողութիւնը տեղի կ՝ունենայ, ինչպէս նշեցինք կիրակի, 20 նոյեմբերին, Սուրբ Պետրոս տաճարի հրապարակին վրայ, Գլխաւորութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, մասնակցութեամբ, կղերական դասի անդամներուն եւ աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած բազմահազար ուխտաւորներուն, յատուկէն միջին Արեւելքէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն տրուած ըլլալով որ Սուրբերու շարքին են նաեւ իրենց հաւատքին համար Դամասկոսի մէջ նահատակուած Մարոնի համայնքէն երեք աշխարականներ։

Սուրբ կը հռչակուին Մանուէլ Ռույզ Լոփէզ ու անոր եօթը ընկերները ու մարոնիներու համայնքէն, Ֆրանչիսկոս, Մոթի եւ Ռաֆայէլ Մասսապքի երեք աշխարականները։

Յիշեալ երանելիներու նահատակութիւնը տեղի ունեցած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ Շիի եւ Տուրզիներու կողմէ Քրիստոնեաներու նկատմամբ կատարուած հալածանքի ժամանակ։

1860ին, յուլիս 9ի եւ 10ի գիշերը, խումբ մը զինեալները, Դամասկոսի Պապ Թումա քրիստոնէական թաղամասի մէջ գտնուող Ֆրանչիսկեաններու վանք մտան ու սպանեցին ութը վանականները ու անոնց շարքին Մանուէլ Ռոյզը, վանքին ՝ պարտիզպանը ներխուժման պահուն վազելով դէպի եկեղեցի՝ Սուրբ Հաղորդութիւնը առնելու համար իրեն կը հրամայուի իսլամ դառնալ, մահապատիժի չ՝ենթարկուելու համար։ Մերժելով զինեալներուն հրամանը Մանուէլ Ռոյզ կը սպաննուի խորանին վրայ արտասանելով իր վերջին խօսքը. «Ես քրիստոնեայ եմ, որպէս քրիստոնեայ կը մեռնիմ»։

Դամասկոսի նահատակներու հետ միասին սուրբ կը հռչակուին նաեւ Երանելի Ժուզէփփէ Ալլամանօ, որ քահանայ մըն է ու եղած է հիմնադիրը, Մխիթարութեան միսիոնարներ եւ Մխիթարութեան միսիոնար քոյրեր երկու միաբանութիւններուն։

Սուրբերու շարքին կը դասուի նաեւ երանելի Մարի Լէոնի Փարատիս։ Ան հիմնած է Սուրբ Ընտանիքի փոքրիկ քոյրերու միաբանութիւնը։ Ի վերջոյ Սուրբ Կը հռչակուի Երանելի Էլէնա Կուէրա, հիմնադիրը, Սուրբ Հոգիին Օպլաթէ միաբանութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2024, 11:58