Որոնել

2024.10.28 Un momento della conferenza stampa per la presentazione degli eventi culturali che precedono il Giubileo

Մշակութային միջոցառումներ, համերգներ և ցուցահանդէսներ ի պատրաստութիւն 2025ի Յոբելեանին

Յոբելեանի բացման Սուրբ Պատարագն ու Սուրբ Դռան բացումի արարողութիւնը նախատեսուած են Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ` 24 դեկտեմբերի երեկոյեան երեկոյեան
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի` 28 հոկտեմբեր 2024ի առաւօտեան Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակին պաշտօնական դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան ներկայացումը կատարեց Հռոմի մէջ նախատեսուած համերգներուն, ցուցահանդէսներուն եւ մշակութային ձեռնարկներուն, որոնք նախատեսուած են Հռոմի մէջ նախ քան 24 դեկտեմբերը, օր երբ պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի Յոյսին նուիրուած Յոբելենական Սուրբ Տարւոյն հռչակուած Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին կողմէ «Յոյսի ուխտաւորներ» հրովարտակով։

Գերապայծառ Ֆիզիքելլային հետ միասին ելոյթ ունեցան Տիար Տավիտ Մամպրիանի եւ Վատիկանի Թանգարաններու տնօրէն Տիկ Պարպարա Եաթթա։

Գերապայծառ Ֆիզիքելլան ներկայացուց նաեւ «Expo Osaka 2025»ին մասնակցող Սուրբ Աթոռին տաղաւարը, որ ինչպէս յայտնեց ան պիտի հիւրընկալուի Իտալիոյ Հանրապետութեան տաղաւարէն ներս։

Յոբելենական տարւոյն բացման արարողութիւնը

Իր ելոյթին մէջ Գերապայծառ Ֆիզիքելլան յայտնեց նաեւ որ Սուրբ Տարուան բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 24 դեկտեմբեր 2024ի երեկոյեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Սրբազան Քահանայապետին նախագահած Սուրբ Պատարագով` ժամը եօթին, որմէ ետքը տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի Յոբելենական Սուրբ Դռան բացման արարողութիւնը, որմէ առաջին անցնողը պիտի ըլլայ նոյնինքն Քահանայապետը` Սուրբ Տարուան առիթով հռոմ ժամանող ուխտաւորները հրաւիրելով հետեւելու իր օրինակին, որպէսզի արտայայտեն հանդիպման ուրախութիւնը «Յիսուս Քրիստոս մեր յոյսին» հետ։

Սուրբ Պետրոսի զանգակները

Գերապ. Ռինօ Ֆիզիքելլլան յայտնեց, որ Սուրբ Դռան բացման արարողութիւնը պիտի յայտարարուի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի պատմական զանգակներու ղօղանջիւնի համերգով մը` հռչակելու համար թէ այնքան սպասուած ձեռնարկը վերջապէս կ՛իրականանայ։

Ռեպիպիա բանտի մէկ դռան բացումը

Գերապայծառ Ֆիզիքելլան նշեց նաեւ, թէ Նորին Սրբութիւնը 26 դեկտեմբերին, Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի տօնին օրը, բացումը պիտի կատարէ Հռոմի Ռեպիպիա բանտի մէկ դռան, որպէս խորհրդանիշ աշխարհի բոլոր բանտերուն, այս առնչութեամբ մէջբերելով Յոբելենական Սուրբ Տարւոյն կոնդակէն  հատուած մը որունմէջ Քահանայապետը կը նշէ թէ «Յոբելենական տարւոյն ընթացքին կոչուած ենք դառնալու շօշափելի նշաններ դժուարութեան պայմաններու մէջ ապրող մեր եղբայրներուն համար» եւ  մտաբերելով  բանտարկեալները «Կառավարութիւններուն կ՛առաջարկէ որ Յոբելենական Տարւոյն առիթով յանձն առնուին ձեռնարկներ, որոնք յոյս  ներշնչեն, ինչպէս համաներման կամ պատժի ներման ձևերը....»։

Օրացոյց եւ ձեռնարկներ

Այս ուղղութեամբ Գերապ. Ֆիզիքելլան նշեց` թէ անցեալ ամիսներուն Սուրբ Աթոռը համաձայնութիւն կնքած է Իտալիոյ հանրապետութեան հետ ու թէ Յոբելենական Սուրբ Տարւոյն պաշտօնական կայքին վրայ հրատարակուած են աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ նմանատիպ ձեռնարկներու մասին տեղեկութիւնները։

Ան ապա ակնարկեց Յոբելենական Սուրբ Տարւոյն Օրացոյցին որ բաժնուած է երեք մասերու` . «Ուխտագնացութիւն», «Մշակութային իրադարձութիւն» և «Մեծ ձեռնարկներ» հրաւիրելով այս առընչութեամբ այցելել պաշտօնական կայքը որ հասանելի է այստեղ https://www.iubilaeum2025.va/it.html

Գերապայծառ Ֆիզիքելլան ի վերջոյ մանրամասն ներկայացուց ըլլայ անցեալ ամիսներուն ըլլայ յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած ձեռնարկները` որոնցմէ առաջինը տեղի պիտի ունենայ կիրակի 3 նոյեմբերին «Քոչիլիացիոնէ» լսարանին մէջ` համերգ` որուն առիթով ելոյթ կ՛ունենայ Սանթա Չեչիլիա Ակադեմիայի նուագախումբը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2024, 11:37