Սուրբ Աթոռ. Սնունդ, աշխատանք եւ ընտանիք ընդդէմ աղքատութեան դէմ պայքարին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դիտորդ, Արք Կապրիելլէ Քաչչիա ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿ-ի 79-րդ ընդհանուր նիստին։Ան իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ, որ աղքատութիւնը լուրջ վիրաւորանք է մարդկային արժանապատւութեան համար, աղքատութիւնը անհաւասարութիւններ կը ստեղծեւ եւ միլիոնաւոր մարդիկ բարգաւաճելու հնարաւորութենէն կը զրկէ։
Արք Քաչչիա իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ աղքատութիւնը ոչ միայն հարստութիւններու պակաս է, այլ պայման է, որ կը խոչընդոտէ մարդու իրաւունքներու լիարժէք իրականացումը, յատկապէս կանանցը եւ երեխաներունը։
Արքեպիսկոպոսը հրաւիրեց ձեռնարկելու համաշխարհային գործողութիւնները՝ դիմագրաւելու համար համընդհանուր մարտահրաւէրներ, ինչպէս կլիմայի փոփոխութիւնը, տնտեսական կայունութիւնը, յատկապէս փոքր կղզի պետութիւններուն եւ զարգացող երկիրներու մէջ։
Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը իր ելոյթին մէջ ընդգծեց ընկերային կառոյցներուն ամրապնդման կարեւորութիւնը, սկսած ընտանիքէն ու շեշտեց, որ արժանավայել աշխատանքը հիմնական է մարդկանց աղքատութիւնը հանելու համար։
Ուժեղացնել ընկերային կառոյցները, որոնք անվտանգութիւն եւ կայունութիւն կ՝ապահովուեն՝ ընտանիքէն սկսեալ, որ ընկերութեան հիմքն է եւ որեւէ ճգնաժամի պաշտպանութեան առաջին գիծը, ըսաւ Սուրբ Աթոռին մնայուն դիտորդը ընդգծելով որ աշխատանքը կը մնայ հիմնական միջոց մը, որուն միջոցաւ մարդիկ դուրս կու գան աղքատութենէն ու արժանավայել աշխատանքը, «արդար աշխատավարձով, կայուն պայմաններու մէջ, ինչպէս նաեւ ընկերային պաշտպանութեան համակարգերուն զօրակցութեամբ, անհատներուն եւ ընտանիքներու թոյլ կու տայ անվտանգութիւնը որուն պէտքը կայ՝ բարգաւաճելու համար եւ թոյլ կու տայ կայուն եւ ներառական տնտեսական աճի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ