Սինոդականութիւն եւ համամիութիւն. Մէկ ուղեւորութիւն մը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սինոդականութեան նուիրուած սինոդի մասին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մէջ տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ընթացքին, Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ եւ Սինոդի Տեղեկատւութեան Յանձնաժողովի Նախագահ Փաոլօ Ռուֆֆինին, տեղեկացուց, որ Հինգշաբթի, 10 հոկտեմբերին, սինոդի իրենց մասնակցութիւնը բերին 342 անդամներ,եւ սինոդի աշխատանքները կատարուեցան բացառապէս փոքրիկ խումբերու մէջ՝ առանց ազատ միջամտութիւններուն եւ բաշխուեցան աշխատանքներուն երկրորդ բաժինի եզրափակիչ տեղեկագիրները ու սինոդի աշխատանքներու սկիզբը տրուեցան որոշ մեթոդական ցուցմունքներ «ստեղծագործութեամբ» խրախուսումով։
Իսկ Սինոդի Տեղեկատւութեան Յանձնաժողովի քարտուղար, Քոյր Շէյրա Փիրես իր կարգին նշեց, որ հինգշաբթի յետմիջօրէին ժողովը պիտի շարունակուի աշխատանքային թղթածրարի երրորդ բաժինի զատորոշումի եւ բաժնեկցութեան աշխատանքներով՝ «ուղեգիծերու» բաժինը։
Նուէրներու փոխադարձ փոխանակում
Ելոյթ ունեցաւ Քրիստոնեաներու միութեան զարգացման վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Քուրտ Քոխ։ Զրուցելով համամիութենական նիւթին մասին կարդինալ ընդգծեց, որՍինոդական ուղեւորութիւնը համամիութենական է եւ համամիութենական ուղեւորութիւնը չկրնար ըլլալ եթէ ոչ սինոդական»։
Սրբութիւնը միութեան համար միակ ուղին է
Կարդինալ Քոխ ապա անդրադարձաւ 11 հոկտեմբերին, համամիութենական աղօթք հսկումին, կազմակերպուած Թեզէի հասարակութեան կողմէ նշելով, որ այդ աղօթքի հսկումը խանդավառող գրութիւնները քաղուած են Վատիկանի Տիեզերական ժողովին երկու փաստաթուղթերէն՝Lumen gentium եւ ’ecumensimo Unitatis redentegratio, որոնց 60րդ տարեդարձը կը նշուի։« Սրբութիւնը միութեան համար միակ ուղին է» ըսաւ ծիրանաւորը։
Երկխօսութեան մէջ չկան փոխզիջումներ, այլ քրիստոնէական միութեան հիմքեր
Ճեպազրոյցին խօսք առաւ Փիսիտաիայի, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ ուղղափառ եկեղեցւոյ աստուածաբանական միջազգային խառն յանձնաժողովի մետրոպոլիտ, արհիապատիւ Ժոպ։ Անդրադառնալով Կաթողիկէներու եւ ուղղափառ եկեղեցւոյ՝ սինոդականութեան, առաջնութեան, եկեղեցական ծառայութիւններուն վերաբերող հարցերուն արհիապատիւը նշեց , որ արդեն քսան տարիներէ ի վեր երկկողմանի երկխօսութիւնը շահութաբեր կը շարունակուի, ոչ միայն եկեղեցիները մերձեցնելու եւ հաշտեցնելու համար, այլ որովհետեւ անոնք կարող են պտուղներ տալ եկեղեցիներու ներքին կեանքին մէջ։
Իւրաքանչիւր ձայն կարեւոր է
Մենոնիթներուն համաշխարհային համաժողովի Վերապատուելի եւ համամիութենական յարաբերութիւններուն քարտուղար, Ան Քաթի Կրապէր, իր ելոյթին մէջ գնահատանքը յայտնելով անակնկալ հրաւէրին՝ այն իրողութեան համար, որ պատկանելով ոչ շատ ճանչցուած եկեղեցւոյ մը՝ ծնած ԺԶ դարուն բարեփոխումներէն նշեց, թէ «Կաթողիկէ եկեղեցին պէտքը չ՝ունի մեր ձայնին, մենք շատ փոքրամասնութիւն կը կազմենք, բայց դա շատ բան կ՝ըսէ սինոդականութեան մասին, ցոյց կու տայ, որ իւրաքանչիւր ձայն այսօր շատ կարեւոր է։ Ըստ Կրապէի վերապատուելիին « Քրիստոնեաներու միութիւնը միայն վաղուան խոստում չէ, այլ հիմա հոս ներկայ է եւ մենք արդեն դա կարող ենք տեսնել։ Ոչ միայն մօտիկ ենք միեւնոյն Քրիստոսին մարմինին, այլ մէկը միւսին անդամ ենք, ինչպէս կ՝ըսէ Սուրբ Պօղոս»։
Համամիութիւնը ճգնաժամի մէջ չէ
ինչ կը վերաբերի համամիութենական երկխօսութեան շրջանակներու մէջ փոխյարաբերութիւններու թեմաներուն, եւ հռոմի Եպիսկոպոսին առաջնորդութեան եւ սինդոականութեան միջեւ նիւթերուն, կարդինալ Քոխ նշեց, թէ այն ինչ, որ կը կատարուի ցոյց կու տայ, որ չկայ համամիութենական ճգնաժամ, այլ տարբեր մարտահրաւէրներու աշխատանք։
Կարդինալ Քոխ պատասխանելով ապա լրագրողներու հարցումներուն հաստատեց, «Ճիշդ է որ կ՝ապրինք տխուր վիճակի մէջ, որ պայմանաւորուած է նաեւ Մոսկուային օրթոտոքս եկեղեցւոյ առաջնորդ Կիւրեղ Պատրիարքէն, որ խզեց Կոսդանպուլսոյ հետ կապերը, բայց անհրաժեշտ է տարբերել այս դիրքերը շարունակուող ուղիէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ