Կարդինալ Հոլլերիխ. Դառնանք խաղարարներ մարդկութեան ծառայութեան ի սպաս
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 7 հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ կայացած սիւնոդասականութեան նուիրուած սիւնոդին իրենց մասնակցութիւնը բերին 351 անդամները։ Նախ քան սիւնոդի աշխատանքները, ժողովին անդամները աղօթեցին Միջին արեւելքի մէջ հակամարտութիւններէն տանջուող անձերուն համար։
Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ տիար Ռուֆինի, Սիւնոդի մասին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին Մերձաւոր Արեւելքի կաթողիկէներուն յղած նամակը ապա Սիւնոդի գլխաւոր զեկուցող կարդինալ Ժան Քլոտ Հոլերիխ հրաւիրեց ժողովի մասնակիցները շարունակելու աշխատանքները, աշխարհի խաղաղութեան դիտաւորութեամբ ապա ներկայացուց աշխատանքային թղթածրարին յարաբերութիւններուն նիւթի նուիրուած բաժինը։
«Այսօր աշխատանքային թղթածրարին մէջ կան քննարկուելիք երեք մասեր՝ յարաբերութիւններ, ուղիներ եւ վայրեր, թեմաները որոնք կը լուսաւորեն եկեղեցւոյ միսիոնարական սինոդական կեանքը՝ տարբեր տեսանկիւններէն» ըսաւ Լուքսամնուրպկի արքեպիսկոպոսը ու աւելցուց ,որ Յարաբերութիւններու բաժինը կ՝անդրադառնայ Աստուծոյ հետ կապերուն հեռանկարին,՝եղբայրներուն եւ եկեղեցիներու միջեւ ու անոննք կ՝աջակցին եկեղեցւոյ կենսունակութեան»։
«Յարաբերութիւններու այս ցանցը, մարդոց եւ համայնքներուն կ՝առաջարկէ կողմնորոշումի կէտեր եւ յղում, որոնք բազմակողմանի են եւ կ՝անցնի բազմաթիւ մակարդակներէն, ըսաւ Կարդինալ Հոլլերիխ ապա յանձնարարեց ժողովի մասնակիցները չ՝իյնալու յաւելեալ վերացականութեան մէջ այլ գծել շօշափելի առաջարկներ, որոնց տեղական եկեղեցիները պիտի կանչուին որդեգրելու տարբեր հանգամանքներէն ներս։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ