Որոնել

Գերպ Մարթինելլի Գերպ Մարթինելլի 

Գերպ Մարթինելլի. Կտրել վրէժխնդրութեան տրամաբանութիւնը, սինոդը բարի ճանապարհներ դուրս կը բերէ

Վատիկանի մէջ գումարուած սինոդականութեան նուիրուած սինոդի իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Արաբական Միացեալ թագաւորութիւններուն առաքելական փոխանորդ գերպ Փաուլօ Մարթինելլի։ Ան Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին խօսեցաւ այդ տարածաշրջանին մէջ ապրած երք տարուայ կեանք փորձառութեան մասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սինոդին նուիրուած սինոդականութեան ժողովին մասնակցող, Արաբական Միացեալ թագաւորութիւններուն, Օմանի եւ Եմանի մէջ առաքելական փոխանորդ, Քափուչիններու միաբանութեան անդամ, գերպ Փաուլօ Մարթինելլի,
«Վատիկանի Նիւզ»ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին պատմեց իր ապրած անձնական փորձառութիւններու մասին։

Առաքելական փոխանորդը նախ իր գնահատանքն ու ուրախութիւնը յայտնեց այն գծով որ Սինոդի աշխատանքներու մէջ յաճախ կը խօսուի խաղաղութեան մասին դիտել տալով որ Արաբական Միացելալ Թագաւորութիւններու մէջ հանդարտութիւն կը տիրէ սակայն Եմանի իրավիճակը շատ դժուար է ։

«Հիւսիսային հատուածը անմիջականօրէն ներգրաւուած է խափանող գործողութիւններով՝ բացասական հաղորդագրութիւններ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ պատերազմի ոլորտէն ներս եւ դա աւելի մեծ լարուածութիւն կը ստեղծէ մարտիրոսացած երկրի մէջ որ տասնեակ տարիներէ ի վեր քաղաքացիական պատերազմի մէջ է» ըսաւ Առաքելական փոխանորդը աւելցնելով «կ՝աղօթենք որպէսզի ամէն ինչ վերջ գտնէ՝ կառուցել վերսկսելու համար, որպէսզի բոլորը վերջապէս բարի, բաժնեկցութեան, ընդհանուր ուղեւորութեան ծրագիրներ իրականացնեն։

Գերպ Մարթինելլի մաղթեց, որ Տէրը դպչի բոլորի սիրտերուն, պատասխանատուութիւն ունեցողներուն, որպէսզի բռնութեան տրամաբանութիւնը դադրեցուի որովհետեւ այսքան բռնութիւն կարելի չէ» ըսաւ Ան աւեցնլելով
«Բոլորը կը տուժեն, բոլորը կը զգան որ արձագանգելու իրաւունքն ունին, սակայն մտնելով բռնութեան տրամաբանութեան մէջ, երբեք դարձեալ կրաելի չէ սկսիլ»։

Դիւանագիտութեան ձախողութիւնը

Գերապայածռ Մարթինելլի խօսեցաւ դիւանագիտութեան ձախողութեան մասին։
նախ ընդգծելով դիւանագիտութեան կարեւորութիւնը՝ երկխօսութիւն ստեղծելու համար ապա ժողովուրդներու վկայութիւնները, «որոնց միջոցաւ ականատես կ՝ըլլանք միասնական ուղեւորութեան ու կ՝անդրադառնանք որ կրօնները ներդրում են աշխարհի մէջ մարդկայնացումին գործին, ու անոնք պէտք չեն ազգայնական օրէն օգտագործուին

Հաւատքները խաղաղութեան համար են։ ըսաւ Գերպ Մարթինելի ու օրինկան բերաւ Արաբական միացեալ թագաւորութիւններու մէջ այն համալիրը ուր կառուցուած են Կաթողիկէ եկեղեցի մը, սինակոկ մը եւ մզկիթ մը։ «Ասոնք բարի կեանքի փաստեր են, փաստեր որոնք կ՝օգնեն տեսնելու նոր հորիզոններ, ըսաւ Ան մաղթելով որ պետութիւնները եւ հաստատութիւնները ձեռնարկեն նման փորձարարութիւններ՝ նպաստելու համար բարի ուղեւորութիւններուն։

Սինոդը կը նպաստէ խաղաղութեան մշակոյթին տարածումին

Գերպ Մարթինելլի նշեց, որ ինքնին սինոդը վկայութիւն մըն է։ Դեքնիքական արդիւնքներէն անդին, որ կարող է տալ, կարեւոր  է այն փաստը, որ մէկը միւսին կը լսեն։ Տարբերութիւններու ճանաչումի հարստութիւնները եւ Աստուծոյ կամքը միասին զատորոշել սորվիլը՝ ըլլայ եկեղեցւոյ, ըլլայ աշխարհի համար օրինակ մըն է որ կրնայ ոգեշնչել բարի ճանապարհներ ընկերութեան համար»։

Խօսելով Միսիոնարականութեան մասին, Արաբական Միացեալ թագաւորութիւններու մէջ առաքելական կառավարիչը նշեց, որ միսիոնարութեամ նիւթը շատ կարեւոր է որովհետեւ կը խօսի սինոդի մէջ աշխատելու նպատակին մասին,։ Աւետարանի խոնարհութեամբ խօսիլը սինոդականութիւն է ։

Գերպ Մարթինելլի զրոյցը աւարտեց անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապին դէպի Ասիա եւ Ովկեանեան կատարած առաքելական ճամբորդութիւններուն ըսելով որ ինք ուշադրութեամբ եւ մեծ յուզումով հետեւացաւ այդ ճամբորդութիւններուն ու իր միտքը բերաւ Ֆրանչիսկոս Պապին արաբական թերակղզի կատարած երկու այցելութիւնները ու անոնց նմանութիւնները օրինակը համար Իտնոնեզիոյ մէջ փաստաթուղթի ստորագրութիւնը զոր հասկնալ կու տայ թէ մարդկային եղբայրութեան ուղեւորութիւնը կը շարունակուի։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/10/2024, 11:59