Որոնել

Վատիկանի մէջ մամլոյ ասուլիս Վատիկանի մէջ մամլոյ ասուլիս 

Սինոդ. Վատիկանի մէջ աշխատանքային նիստերու մեկնարկ

Եպիսկոպոսներու Սինոդի ԺԶ Ընդհանուր Ժողովի Երկրորդ Նստաշրջանը բացուեցաւ բռնութիւնը դադրեցնելու կոչով։ Ժողովին աւարտին տեղի ունեցաւ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մամլոյ ասուլիսը։ Ժողովին շօշափուեցան հետեւեալ նիւթերը՝ ուսումնասիրութեան խումբերու կարեւորութիւնը, եկեղեցւոյ մէջ կանանց դերը։ Կանանց Սարկաւագութեան նիւթը. ժամանակը տակաւին հասունցած չէ։ Կարդինալ Կրէք հաստատեց ժողովին բոլոր անդամները, որոնք պիտի մասնակցին խաղաղութեան համար Պապին նախաձեռնութիւններուն.

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշբաթի, 3 հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, Եպիսկոպոսներու Սինոդի ԺԶ Ընդհանուր Ժողովի Երկրորդ նստաշրջանի աշխատանքներու բացումին մասին։ Մամլոյ ասուլիսին բանախօսներէն տեղեկացանք, որ ժողովին հիմնական նիւթերը եղած են խաղաղութիւնը, ներողամտութիւնը, կանանց դերը, աշխատանքային խումբերուն մեթոդաբանութիւնը։

Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան սիւնոդի յատուկ քարտուղարները՝ Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Հայր Ճաքոմօ Քոսթա եւ Գերպ Ռիքարտօ Պաթոքիօ, Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ նշանանկուած սինոդի նախագահները, քոյր Մարիա Տէ Լոս Տոլորէս Փալենսիա Կոմէզ, գերպ Տանիէլ Էրնէսթ Ֆլորէս, Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ տիար Փաուլօ Ռուֆինի։

Տիար Ռուֆինի. Հոգեւորականութիւն եւ աղօթք

Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան վերատեսուչ, տիար Փաուլօ Ռուֆինին իր ելոյթին մէջ տեղեկացուց, որ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գումարուած սիւնոդի ներկայ գտնուեցան 365 անդամներ ու ընտրուեցան իւրաքանչիւր խումբի խօսնակները ու ժողովին մթնոլորտը բնորոշուեցաւ Հոգեւորութեամբ ու աղօթքով ու բոլորին սիրտերուն եւ միտքերուն մէջ կը տիրէր է տարբեր երկիրներու մէջ բռնկուած պատերազմներու մտահոգութիւնը ու այս դիտաւորութեան աղօթքը բարձրացուած է առ Աստուած աշխարհի խաղաղութեան համար։

Հայր Քոսթա, Աշխատանքի խումբերը եւ սինոդական կեանքի «գիտաշխատանոցը»

Հայր Քոսթա իր ելոյթին մէջ յիշեցուց  Ֆրանչիսկոս Պապին բազմիցս անգամ կրկնած խօսքը. «Սիւնոդը խորհրդարանական ժողով չէ, այլ ունկնդրութեան եւ հաղորդութեան վայր է» ու նշեց, որ դահլիճին մէջ շնչուած է ուրախ մթնոլորտ եւ կրկին հանդիպելու հաճոյքը կար՝ բանավէճի մէջ խորանալու մեծ կարողութեամբ։»

Գերպ Պաթոթքի, Աստուածաբաններուն կարեւորութիւնը։

Գերպ Պաթոքի գոհունակութիւն յայտնելով Աստուածաբաններու «թանկարժէք» նեդրումին համար կարեւորեց անոնց պարտականութիւնը՝ «աստուածաբանական խելամտութեամբ» ունկնդրելու այն ինչ, որ դուրս կու գայ դահլիճին մէջ տեղի ունեցած բանավէճէն։

Քոյր Փալենսիա Կոմէ։ Կանանց համար քայլերու յառաջդիմութիւն

Քոյր Փալենսիա պատասխանելով լրագրողներուն՝ եկեղեցւոյ մէջ կանանց դերի մասին ուղղուած հարցումներուն, ընդգեց է, որ այդ ոլորտէն ներս արդեն առկայ են պտուղները՝ տարբեր միջավայրերու եւ ցամաքամասերու մէջ։ Կանանց սարկաւագութեան հարցին մասին մամլոյ ասուլիսին բանախօսները յիշեցին այն ինչ, որ Հաւատոյ դաւանանքի վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Վիլթոր Մանուէլ Ֆերանանտեսի խօսքը. «Ժամանակը դեռ հասունցած չէ, եւ լաւ է ,որ այդ նիւթը խորութեամբ ուսումնասիրուի, եկեղեցական ուղեւորութեան մէջ՝ապրուած միասին։

Գերպ Ֆլորէս. Լռութիւնը որպէս սինոդական ոճ

Գերպ Ֆլորէս իր խօսքը կեդրոնացուցուց  ռութեան կարեւորութեան վրայ, ոչ թէ որպէս դատարկ բան, այլ որպէս լեցուն բան, որմէ կը բխի խօսքը «Դա սինոդական ոճի հիմնական մասն է, որովհետեւ թոյլ կու տայ աշխարհի հոգեւոր ըմբռնումը, որ մեզի կը յայտնուի, ըսաւ Գերպ Ֆլորէս։

Տեղական եկեղեցիներուն հեռանկարները 

«Տեղական եկեղեցիներուն հեռանկարները թոյլ կու տան տեսնելու աշխարհի մէջ Քրիստոսի դէմքը» ըսաւ Գերպայծառ Ֆլոէս աւելցնելով որ սինոդի աշխատանքը այն է փորձել գտնել համահունչ ձայն, որ կ՝արտայայտէ եկեղեցւոյ ձայնը, անոր այսօրուայ կեանքն ու փորձարութիւնը։ «Գոյութիւն ունի «մենք»ը, որ հիմնական է սինոդական աշխատանքին համար եւ շատ աւելի կ՝արժէ քան անհատական «ես« երը»։

6-7 հոկտեմբերին խաղաղութեան նախաձեռնութիւնները

Ի վերջոյ մամլոյ ասուլիսին բանախօսները յիշեցուցին, որ Սինոդի բոլոր մասնակիցները հրաւիրուած են 6-7 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապին խաղաղութեան համար նախաձեռնութիւններուն. Սանթա Մարիա Մաճորէ տաճարին մէջ վարդարանի աղօթքն ու ծոմապահութեան օրը եւ երկուշաբթի օր՝ Սինոդի աշխատանքները կը շարունակուին բնականոն կերպով։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2024, 10:25