Սինոդը եզրափակիչ փուլերուն կը գտնուի
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սինոդասականութեան նուիրուած սինոդը սկսաւ հասնիլ իր վերջին փուլերուն՝ եզրափակիչ փաստաթուղթին աւելի քան հազար լրացուցիչ առաջարկներուն ներկայացումով, որոնց 951 հաւաքական են, իսկ՝հարիւրը անհատական։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մէջ տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ընթացքին, Սինոդի տեղեկատւութեան յանձնաժողովի քարտուղար, Շէյրա Փերես հաստատեց որ փոփոխութիւնները առաջարկելու փուլը աւարտած է ու տեղի պիտի ունենայ սովորական խորհուրդի անդամներուն նորոգումի քուէարկութիւնը։
Սինոդի քարտուղար, Կարդինալ Մարիօ Կրէք յայտարարեց սովորական խորհուրդի անդամներու թիւի փոփոխութեան մասին։ Խորհուրդը կազմուած է ընդհանուր՝ 17 անդամներէ, այդ թիւին մէջ կան 13 եպիսկոպոսներ, 4 քահանայապետական անուանումով անդամներ։
Սինոդին վերաբերեալ Մամլոյ Ասուլիսին ցուցադրուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը սինոդի մասնակցող երիտասարդներու հետ։
Կարդինալ Ռոպէրլ Փերվոսթ, եպիսկոպոսներու վերատեսութեան վերատեսուչը, շեշտեց իշխանական կառոյցներուն մէջ փոփոխութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը, զանոնք աւելի համապատասխանեցնելով թեմերուն կարիքներուն ու ընդգծեց որ եպիսկոպոսներուն իշխանութիւնը պէտք է տեսնուած ըլլայ որպէս ծառայութիւն։
Մամլոյ ասուլիսէն տեղեկացանք, որ ներկայ ժամանակուան մէջ ամէն աշխատանք կը տարուի եկեղեցւոյ մէջ եկեղեցական կառոյցներու եւ փոխադարձ պատասխանատուութեան նոր կառոյցներու շուրջ։
Ինչ կը վերաբերի աշխարհի մէջ բեւերացումի ու լարուածութիւններուն նիւթերուն, ինչպէս քաղաքականութեան մէջ Սինոդը կը փորձէ զանոնք լուծել երկխօսութեան եւ լսելու միջոցաւ։
Սինոդը նպատակ ունին նոր ուժեր հաղորդելու եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերուն եւ բարելաւելու եպիսկոպոսներուն ընտրութիւնն ու վերապատրաստութիւնը։
Սինոդի վերջին օրերը պիտի նուիրուին եզրափակիչ փաստաթուղթին փոփոխութիւններուն ներդրման եւ մշակման, որոնց քուէարկութիւններն ու հաստատումները նախատեսուած են շաբաթ օր։
Հինգշաբթի եւո ւրբաթ օրերը նուիրուած են «ձեւերու»՝ առաջադրանքներուն, փոփոխութիւններու ներդրման եւ Եզրափակիչ փաստաթուղթին մշակման պատասխանատու անձերու կողմէ։
Սինոդի բոլոր անդամները, շաբաթ օրը, առաւօտեան եւ յետմիջօրէին պիտի ժողովին վերջին երկու նիստերը գումարելու համար ապա դահլիճին մէջ պիտի կարդացուի եզրափակիչ փաստաթուղթը, յետմիջօրէին փաստաթուղթի հաստատումը։ Նախատեսուած է նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին սիրտի խօսքը։
Կիրակի 27 հոկտեմբերին, Սինոդականութեան նուիրուած սինոդը կ՝եզրափակուի Սուրբ Պետրոս տաճարի մէջ Սուրբ Պատարագով, գլխաւորութեամբ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ