Որոնել

Sinodo dei vescovi

Սինոդ. Եկեղեցին Աստուծոյ կը պատկանի, այլ ոչ թէ մեր գործողութիւններու արդիւնք է․ Կարդինալ Կրէք

Սինոդի երկրորդ Նստաշրջանը՝ վստահուած Սուրբ Մարիամի հովանիին, իր աշխատանքները պիտի սկսի վաղը՝ 2 Հոկտեմբերին։ Անոր նախորդող հոգեւոր կրթութեան երկու օրերէն առաջինի ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ Սինոդի Ընդհանուր Քարտուղարը հրաւիրած է մասնակիցները հրաժարիլ «նախապէս հաստատուած մօտեցումներէն եւ պատկերներէն» եւ պատրաստ ըլլալ ունկնդրելու միւսները։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Նախ եւ առաջ՝ աղօթք, քանզի «Եկեղեցւոյ փոփոխութիւնները առանց աղօթքի, ոչ թէ Եկեղեցւոյ, այլ՝ խմբային փոփոխութիւններ են»։ Ապա՝ Եկեղեցին վստահիլ Տիրամօր, այլապէս «ան ընդամէնը կազմակերպութիւն կը դառնայ, ինչպէս այդ մէկը ցաւօք շատերուն կը թուի»։

Եպիսկոպոսներու Սինոդի Ընդհանուր Քարտուղար Կարդինալ Մարիօ Կրէք՝ միաւորելով այս երկու մէջբերումները՝ առաջինը քաղուած Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի խօսքէն եւ երկրորդը՝ 1979ին գերմանացի եպիսկոպոսներուն ուղղուած փաստաթուղթէն, ընդգծած է Սիւնհոդոսականութեան համար Սինոդի երկրորդ նստաշրջանի գլխաւոր միտքը եւ ձեւաչափը, որ են՝ աղօթքը՝ հիմնարար Եկեղեցւոյ փոփոխութիւններու համար եւ Սուրբ Մարիամը՝ Եկեղեցւոյ տիպար, որ կ'աղօթէ։

Սինոդի Համաժողովը՝ «Սուրբ վայր»

Կարդինալ Կրէք խօսք առած է երեկ 30 Սեպտեմբերին, Սինոդի աշխատանքներուն  նախորդող  հոգեւոր կրթութեան համար յատկացուած երկու օրերէն առաջինի ժամանակ,  եւ իր ելոյթի մէջ շեշտած է որ, ժողովականները Սինայ լեռին վրայ Տիրոջ ներկայութեամբ գտնուող Մովսէսին կը նմանին։ Այսօր ալ Տէրը կը կրկնէ «Կօշիկներդ հանի՛ր, որովհետեւ այն վայրը, ուր դու կանգնած ես սուրբ հող է»։  Սինոդի Համաժողովը «սուրբ վայր» է Տիրոջ հետ հանդիպման, կ’եզրակացնէ  Սինոդի Ընդհանուր Քարտուղարը, եւ՝ կրկին անգամ յղում կատարելով Սրբազան Քահանայապետին, կը շեշտէ․ «Սինոդի գլխաւոր հերոսը Սուրբ Հոգին է։ ​​Առանց Հոգիին Սինոդ չըլլար» (Ֆրանչիսկոս Պապ, 9 Հոկտեմբերի 2021):


Անբաժանելի ժառանգութիւն

Մովսէսի կողմէ կօշիկներ հանելը, մերկանալու մը տեսարան է, որ Սինոդի մասնակիցներու համար պիտի խորհրդանշէ մօտեցումներէն եւ պատկերներէն մերկանալ  եւ պատրաստ ըլլալ ունկնդրելու միւսները, կը բացատրէ Կարդինալը Կրէք։

 «Տարբեր տեղական եկեղեցիներէն» ժամանելով հանդերձ՝ բոլորն իրենց հարստութիւններով, մարտահրաւէրներով, յանձնառու են նորոգուելու եւ գտնելու նոր ուղիներ եւ նոր լեզու՝ խօսելու Յիսուսի մասին այսօր, նկատած է նաեւ Սինոդի Ընդհանուր Քարտուղարը, եւ հաստատած, որ միասին ենք, որպէսզի պահպանենք Եկեղեցւոյ բարիքները անբաժանելի ժառանգութեան միջոցաւ, որ պէտք է կիսուի առանց բացառութեան բոլորի միջեւ»:

Սուրբ Վարդարանի աղօթք

Կարդինալ Կրէքի յոյսն է, որպէսզի առաջիկայ Սիւնհոդոսական Համաժողովը դառնայ այն «լաւ հողը, որտեղ Աստուծոյ Խօսքը կարող է առատ պտուղներ պարգեւել»։

Հոկտեմբեր ամսոյն՝ նուիրուած Սուրբ Մարիամին, Սինոդի Ընդհանուր Քարտուղարը կրկնած է իր հրաւէրը՝ ջանասիրութեամբ աղօթել Սուրբ Վարդարանը ողջ Սինոդի աշխատանքներու ընթացքին եւ եզրափակած է, մաղթելով․ «թող որ Համաժողովը նորոգուած Պենտեկոստէ ըլլայ, որպէսզի Յիսուսի Աւետարանը շարունակէ պարարտացնել ողջ մարդկութեան կեանքը եւ կարողանանք ըլլալ սինոտալ եւ միսիոնարական Եկեղեցի»: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2024, 12:12