Որոնել

Russia's Lavrov meets Pope's Ukraine envoy in Moscow

Կարդինալ Ծուփփիի առաքելութիւնը Մոսկուա

Այցը թոյլ տուաւ ուսումնասիրել մարդասիրական համագործակցութիւնը շարունակելու և այնքան ցանկացուած` խաղաղութեան ճանապարհներ բանալու որոշ հեռանկարներ:
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

«Ընթացիկ ամսուայ 14-16, Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի, Ֆրանչիսկոս Պապին որպէս պատուիրակ, ընկերակցութեամբ Պետական Քարտուղարութեան պաշտօնեայի մը, երկրորդ այց մը կատարեց Մոսկուա, Ֆրանչիսկոս Պապին իրեն յանձնուած առաքելութեան ծիրէն ներս։ Այս լուրը կը կարդանք Սուրբ Աթոռին հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ։ 

«Այս առիթով Ծիրանաւորը հանդիպում ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Սէրկէյ Լավրովի հետ, Ռուսիոյ Համադաշնութեան Նախագահի արտաքին քաղաքականութեան գործերու խորհրդատու, Եուրի Ուշաքով, մանուկներու իրաւունքի նախագահութեան յանձնակատար Տիկ. Մարիյա Լվովա-Պելովայի եւ Թաթիանա Մոսքալքովայի` մարդու իրաւունքներու նախագահական յանձնակատար» նշուած է միշտ վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։

«Քննարկումները հնարաւորութիւն տուին գնահատելու, մինչ այժմ ձեռք բերուած անչափահասներու իրենց ընտանիքներու վերամիաւորման և գերիներու, վիրաւորներու և զոհուածներու աճիւններու փոխանակման գործողութիւնները» կը կարդանք հաղորդագրութեան մէջ ուր նշուած է. «Իր կեցութեան ընթացքին Ծիրանաւորը հանդիպեցաւ նաեւ Վոլոքոլամսքի մետրոպոլիտ Անթոնիի հետ՝ Մոսկուայի Պատրիարքարանի արտաքին եկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի նախագահին, որուն հետ քննարկեց տարբեր, մասնաւորապէս՝ մարդասիրական բնոյթի հարցեր։

Ընդհանուր առմամբ, այցը նաև թոյլ տուաւ ուսումնասիրել մարդասիրական համագործակցութիւնը շարունակելու և այնքան ցանկացուած` խաղաղութեան ճանապարհներ բանալու որոշ հեռանկարներ:

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2024, 14:49