Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին պիտի մասնակցի Ռիօ Տէ Ժանէյիրոյի մէջ G20-ի ղեկաւարներուն գագաթնաժողովին
Պետական Քարտուղարութիւնը «Իքս ընկերային» ցանցի վրայ կատարած գրառումով մը տեղեկացուց, որ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին պիտի մեկնի Ռիօ Տէ Ժանէյրօ մասնակցելու համար G20-ի ղեկավարներուն գագաթնաժողովին։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
18էն 19 նոյեմբերին, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին պիտի ժամանէ Ռիօ Տէ Ժանէյրօ մասնակցելու համար G20-ի ղեկաւարներուն գագաթնաժողովին։ Լուրը կը կարդանք Պետական քարտուղարութեան «Իքս» ընկերային ցանցին վրայ կատարած գրառումին մէջ, ուր կը նշուի, որ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, 18էն 19 նոյեմբերին, Ռիօ Ռանէյրօ կը մեկնի մասնակցելու համար G20-ի ղեկաւարներու գագաթնաժողովին՝ Պրազիլի նախագահութեան հրաւէրով, ուղղուած Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
16/11/2024, 13:24