Սուրբ Պետրոս Պազիլիքան կը դառնայ թուային՝ բացուելով ողջ աշխարհի առջեւ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Սուրբ Պետրոս Տաճարի Աւագերէց, Վատիկան Քաղաքի Քահանայապետին Տեղակալ, Կարդինալ Մաուրօ Կամպեթթին, երկուշաբթի 11 Նոյեմբեր 2024ին Վատիկանի Մամլոյ սրահի մէջ ներկայացուց «Սուրբ Պետրոս Պազիլիքա-Արհեստական բանականութեան ընդլայնուած փորձառութիւն» տիտղոսով նախագիծը, որ կը կազմէ «Սուրբ Պետրոսի գործարանի» կողմէ մեկնարկած աւելի լայն՝ «Թուային առաքելութիւն» ծրագիրին, ինչպէս նաեւ պտուղն է «Microsoft»ին հետ համագործակցութեան:
Կարդինալ Կամպեթթին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պատմեց, որ նախագիծը ներկայացնող տեսանիւթը առաւօտեան ցուցադրուած է Ֆրանչիսկոս Պապին՝ «Սուրբ Պետրոսի Գործարանի» աշխատողներու եւ համագործակիցներուն հետ հանդիպման ժամանակ՝ ընդգծելով Անոր խօսքերը, որ Պազիլիքան «բոլոր ժողովուրդներու համար աղօթքի տուն է» եւ պէտք է ընդունի բոլորը։
Առաջադէմ արհեստագիտութիւններու վրայ հիմնուած նախագիծին նպատակն է, յիրաւի, յառաջիկայ Սուրբ Յոբելեանին առթիւ, Պազիլիքային դռները բանալ աշխարհի առջեւ՝ նուիրաբերելով անոր հոգեւորութիւնը, մշակոյթն ու գեղեցկութիւնը, բոլոր այն ուխտաւորներուն, որոնք կարելիութիւնը պիտի չունենան Հռոմ այցելելու։
Պազիլիքան իր դռները պիտի բանայ աշխարհի առջեւ
Այդպիսով, ամբողջ աշխարհին հասանելի պիտի դառնայ Տաճարի պատմութիւնը եւ անոր դերը՝ որպէս քրիստոնէութեան յղման կէտ, այն սուրբ տարածքը, ուր կը պահպանուին մարդկութեան համար արուեստի եւ մշակոյթի թանկարժէք գանձերը՝ հեղինակած այնպիսի հանճարներու կողմէ, որ են Միկելանճելոն, Պերնինին, Ռաֆայէլը, Մատերնոն,Կանովան։
Չորս հարիւր հազար պատկերներ՝ տաճարի վերիրական երկուորեակի համար
Երեք շաբթուայ ընթացքին անօդաչու սարքերու, տեսախցիկներու եւ լազերներու օգնութեամբ կատարուած 400․000էն աւելի բարձրորակ պատկերները, «թուային շինանիւթ» դարձած են քրիստոնէութեան ամենայայտնի Եկեղեցւոյ գերճշգրիտ 3D տիպարին համար: Իսկ «Microsoft»ի «AI for Good Lab»ը եւ ֆրանսական «Iconem» լուսաչափական գործիքները՝ կատարելագործած են Սուրբ Պետրոս Տաճարի թուային երկուորեակը միլիմեթրի ճշգրտութեամբ: Մինչ Արհեստական բանականութեան ալկորիթմները լրացուցած են բացերը, բարելաւած մանրամասները եւ «վեր խոյացուցած» համաշխարհային արուեստի եւ ճարտարապետութեան գլուխգործոց, ինչպէս նաեւ Հռոմի խորհրդանիշ հանդիսացող Պազիլիքայի վերիրական պատճէնը:
Օգնութիւն ուխտաւորներուն, բայց նաեւ օգտակար գործիք գիտնականներու համար
Պազիլիքայի փոխազդող կայքէջի միջոցաւ յառաջիկայ 1 Դեկտեմբերէն հնարաւոր պիտի ըլլայ դիտել Տաճարը ըլլայ ներսէն, ըլլայ դուրսէն՝ իր բոլոր մանրամասներով, ինչ որ կ’օգնէ այցելուներուն եւ ուխտաւորներուն իւրօրինակ փորձառութիւն ապրիլ, բայց նաեւ թոյլ պիտի տայ գիտնականներուն եւ վերականգնողներուն աննախադէպ ճշգրտութեամբ եւ մասնիկ առ մասնիկ ուսումնասիրել կոթողի բազմերանգ տիեզերքը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ