Որոնել

2024.10.25 Basilica di San Giovanni in Laterano - Assemblea Diocesana

Տօն Հռոմի Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի նուիրուած պազիլիքայի օծման ու հիմնադրութեան 1700ամեակի փակումը

Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի Եկեղեցին Հռոմի մէջ գտնուող գլխաւոր չորս պազիլիքաներու ամենահինն է ճանչցուած որպէս «Բոլոր եկեղեցիներու Մայր եւ Գլուխ»։ Ինը նոյեմբեր 2024ի կէսրօէն ետք ժամը 5,30ին Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Քահանայապետական Պազիլիքային մէջ մատուցուած Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով փակումը կը կատարուի Պազիլիքայի օծման 1700 ամեակին նուիրուած տօնախմբութիւններուն որոնք սկիզբ առած էին անցեալ տարի
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - հայկական բաժանմունք

Շաբաթ 9 նոյեմբերին տօնն է Հռոմի Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի նուիրուած պազիլիքայի օծման։ Ան կառուցուած է 318 – 324 թուականներուն  Սիլվեսթր Ա Պապի կողմէ դառնալով Հռոմի առաջին եկեղեցին, ուր քրիստոնեաները  ազատօրէն եւ հրապարակայնօրէն կը կատարէին իրենց ծիսական արարողութիւնները։ 

Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի Եկեղեցին Հռոմի մէջ գտնուող գլխաւոր չորս պազիլիքաներու ամենահինն է եւ է նաեւ Արեւմուտքի ամենահին եկեղեցին Ան նկատուած է  «Բոլոր եկեղեցիներու Մայր եւ Գլուխ» եւ այսօր կը լրանան անոր հիմնադրութեան  1700 ամեակի տօնախմբութիւնները։

«Clemens XII Pont Max Anno V Christo Salvatori In Hon SS Ioan Bapt et Evang»․  այս  լատիներէն մակագրութիւնը զետեղուած է Պազիլիքայի ճակատին վրայ, որ թարգմանաբար կը նշանակէ. «Կղէմէս ԺԲ Պապը (իր Քահանայապետութեան) հինգերորդ տարիին նուիրած է  Ամենափրկիչ Յիսուսին, ի պատիւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի եւ Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչի»։  Յիրաւի, տաճարը նախ նուիրուած էր Յիսուս Ամենափրկչին, իսկ դարեր ետք` նաև Յովհաննէս Մկրտիչին եւ Յովհաննէս Աւետարանիչին։

1300 թուականին Պոնիֆաչիօ Պապի կողմէ յայտարարուած առաջին Յոբելենական Սուրբ Տարին կ’ընդգրկեր Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս պազիլիքաները, զոր ուխտաւորները պէտք էին անդադար այցելել՝ մեղքերու լիակատար թողութիւն ստանալու համար։

Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս պազիլիքան անոնց մաս կազմեց Երկրորդ Յոբելեանի ժամանակ 1350 թուականին։   Աւելի ուշ յոբելենական ուղիին միացաւ նաեւ քահանայապետական չորրորդ աթոռանիստ Եկեղեցին՝ Սանթա Մարիա Մաճճորէն՝ հաշուի առնելով ուխտաւորներու մեծ հոսքը դէպի Հռոմ։

«Սուրբ Փրկիչ եւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչ» պազիլիքան Հռոմի մէջ գտնուող Քահանայապետական չորս պազիլիքաներէն, ինչպէս նաեւ Արեւմուտքի մէջ գտնուող եկեղեցիներէն ամէնէ հինն է։ Իր պատմութեան 17 դարերու ընթացքին հանդիսացած է հինգ Տիեզերական Ժողովներու նստավայր։

Ինը նոյեմբեր 2024ի կէսրօէն ետք ժամը 5,30ին Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Քահանայապետական Պազիլիքային մէջ մատուցուած Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով փակումը կը կատարուի Պազիլիքայի օծման 1700 ամեակին նուիրուած տօնախմբութիւններուն որոնք սկիզբ առած էին անցեալ տարի։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2024, 12:14