Մարդկային եղբայրութիւնը խաղաղութեան եւ արդարութեան միակ ուղին է․ Գերապայծառ Կալլակեր
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
«Համաշխարհային խաղաղութեան եւ հասարակաց համակեցութեան համար մարդկային եղբայրութեան»մասին փաստաթուղթը՝ ստորագրուած 2019 թուականի փետրուարին՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցի ծիրէն ներս, այսօր առ աւելիով «մարդկային զօրակցութեան կոչ մըն է», որ կը յորդորէ միջազգային քաղաքականութեան պատասխանատուները «դադրեցնել անմեղ արեան հեղումը»՝ համոզուած, որ յանուն Աստուծոյ եւ մարդկութեան հնարաւոր է հասնիլ դրական փոփոխութեան» եւ հաշտեցնել «երկու պատմական իրողութիւններ», զոր օրինակ Արեւելքն ու Արեւմուտքը։
Այս միտքը ընդգծած է Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերը՝ «Քաղաքական բարեսիրութեան միսիոնարներու միջազգային ընկերակցութեան»՝ հիմնադիր նախագահ Ալֆրետօ Լուչանի, Հռոմի կենտրոնակայանի մէջ, երեքշաբթի՝ 5 Նոյեմբերին, կայացած «Դառնալ մերձաւոր՝ Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ մշակոյթներու փոխանակման եւ երկխօսութեան միջոցաւ» նիւթին հայող համաժողովին ընթացքին, որ ոգեշնչուած է Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայըպի կողմէ Ապու Տապիի մէջ ստորագրուած վերոնշեալ Փաստաթուղթէն։
Երկխօսութեան մշակոյթ, համատեղ համագործակցութիւն, փոխադարձ ճանաչողութիւն
Վատիկանի «L’Osservatore Romano» պաշտօնաթերթը հանգամանօրէն անդրադարձած է Գերապայծառ Կալլակերի ելոյթին, ուր վեր հանուած են Ապու Տապիի հռչակագիրի երեք հիմնարար եւ ընդհանուր ուղեցոյցները, որ են երկխօսութեան մշակոյթը, համատեղ համագործակցութիւնը, փոխադարձ ճանաչողութիւնը։
Երկխօսութիւնը կարեւոր է փոխըմբռնման եւ համագործակցութեան կամուրջներ կառուցելու համար: Կուռ մշակութային եւ կրօնական ինքնութիւնը կարեւոր է ուրիշներու հետ առանց վախի հանդիպելու համար՝ նպաստելով փոխադարձ հարստացմանը:
Համատեղ համագործակցութիւնն անհրաժեշտ պայման է մարդկային արժանապատւութեան եւ ընդհանուր բարիքի վրայ կենդրոնացած հասարակութեան կառուցման համար: Ապու Տապիի հռչակագիրին մէջ ի մասնաւորի ընդգծուած է կեանքի եւ կրօնական ազատութեան իրաւունքներու ճանաչման կարեւորութիւնը, որոնք հաստատուած են Վատիկանի Տիեզերական Բ Ժողովի կողմէ։
Փոխադարձ ճանաչողութիւնը, ուրիշներու խոր ըմբռնումը թոյլ կու տայ ստեղծել վաւերական եւ երկարատեւ յարաբերութիւններ, իսկ բազմազանութիւնը որպէս հարստութիւն պէտք է որ նկատուի եւ արժեւորուի՝ յաղթահարելով նախապաշարմունքները եւ կոշտ մտածելակերպը:
Կրօնները պէտք է խուսափին գաղափարախօսութիւններ վերածուելէն
Թուարկուած երեք սկզբունքները Գերապայծառ Կալլակերը համադրած է «թափօնի մշակոյթը» մերժելու անհրաժեշտութեան հետ եւ ընդգծած է, որ իրական եղբայրութիւնը սահմաններէն եւ պատկանելութիւնէն անդին կ’անցնի եւ հիմնուած է գթասիրութեան վրայ։ Ան յիշեցուցած է նաեւ Քահանայապետերու ուսուցումները ՝ սկսած Յովհաննէս ԺԳէն մինչեւ Ֆրանչիսկոս Պապ՝ ընդգծելով խաղաղութեան եւ միջկրօնական երկխօսութեան իմաստը։ Կրօնները պէտք է խուսափին գաղափարախօսութիւններ վերածուելէն եւ փոխարէնը դառնան գթասիրութեան փոխադրամիջոցներ՝ նպաստելով տարբեր աւանդոյթներու միջեւ խաղաղ գոյակցութեանը:
Ի վերջոյ , Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղարը կարեւորած է հանդիպման ուղիներով ճամբորդելը՝ խրախուսելով «կառուցողական երկխօսութիւնը Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ եւ «յոյսի ուխտաւորներ» դառնալը՝ ընդհանուր մարտահրաւէրներուն դիմակայելու եւ աւելի արդար ու ներառական հասարակութիւն կառուցելու գործին մէջ վճռական ներդրում ունենալու նպատակով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ