Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր  (Tomasz Koryszko/KUL)

Արք Կալլակեր. Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութիւնը «Դաշտային հիւանդանոց» մարտերու մէջ

Այլ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար, արքեպիսկոպոս Փոլ Ռիչարտ Կալլակերի ելոյթը Լուպլինոյի մէջ կաթողիկէ համալսարանէն ներս կայացած գիտաժողովին ընթացքին։

Վազգէն Աբարդեան - ՎատիկանԱ

Ունկնդրէ լուրը

Այլ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար, արքեպիսկոպոս Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր մանրամասն վերլուծութիւն ներկայացուց Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութեան վերաբերեալ, Լուպլինոյի Կաթողիկէ համալսարանէն ներս կայացած գիտաժողովի ընթացքին։ Արքեպիսկոպոսը իր ելոյթին մէջ կարեւորեց Սուրբ Աթոռի դերը, որպէս «Դաշտային հիւանդանոց մարտերու մէջ» նուիրուած հակամարտութիւններու լուծման եւ մարդու իրաւունքներուն, կրօնական ազատութեան, անհատի արժանապատուութեան պաշպանութեան եւ խաղաղութեան խթանման։

Գերապայծառ Կալլակեր Վատիկանի դիւանագիտութիւնը բնութագրեց որպէս «ողորմածութեան դիւանագիտութիւն», որուն նպատակն է երկխօսութեան եւ փոխըմբռնման միջոցաւ յարաբերութիւններ կառուցել ու Քահանայապետը ներկայացուց, որպէս առաջին դիւանագէտ, որուն բարոյական հեղինակութիւնը կը ոգեշնչէ Սուրբ Աթոռի աշխատանքը՝ միջազգային մակարդակի վրայ ապա առաքելական նուիրակները եւ առաքելական պատուիրակները վճռորոշ դեր կը կատարեն՝ տեղական եկեղեցիներու հետ յարաբերութիւնները պահպանելու եւ բանակցութիւնները դիւրացնելու գործին մէջ։

Գերապայծառ Կալլակեր նշեց, որ Սուրբ Աթոռը տքնաջան օրէն ներգրաւուած է հակամարտութիւններու լուծման գործին մէջ, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին եւ Սուրբ Աթոռի բոլոր ջանքերը կը ներառեն աջակցութիւն մարդասիրական նախաձեռնութիւններուն եւ մարդկային հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան, ներառեալ կեանքի իրաւունքի եւ կրօնական ազատութեան պաշտպանութիւնը՝ դիմագրաւելով կրօնի անուան տակ իրականացուող խտրականութիւններն ու բռնութիւնները։

Արք Կալլակեր ընդգծեց միջազգային համագործակցութեան կարեւորութիւնը, որ կը յարգէ մարդու արժանապատուութիւնը, դատապարտելով գաղափարախօսութիւնները, որոնք կարող են վտանգել հանրային իրաւունքներն ու առողջութիւնը։ Այս ծիրէս ներս, գերպ Կալլակեր անդրադարձաւ գաղթականներու եւ մարդավաճառութեան խնդիրներուն յայտնելով արդար տնտեսական քաղաքականութեան եւ այդ խնդիրներու պայքարին մէջ մշտական յանձնառութեան անհրաժեշտութիւնը։

Ի վերջոյ Վատիկանի դիւանագէտը հաստատեց, որ Սուրբ Աթոռը կը գործէ որպէս անկախ դերակատար համաշխարհային ասպարէզէն ներս, աշխատելով կամուրջներ կառուցելու տարբեր ազգերու եւ մշակոյթներու միջեւ, նպաստելով աշխարհի մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/11/2024, 16:00