Գերապ. Կալլակէրը Քամերունի մէջ` Շրջանակային համաձայնագրի ստորագրման տասնամեակի առիթով
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Երէկ հինգշաբթի 14 նոյեմբերին սկիզբ առաւ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղար Գերապ. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէրի առաքելութիւնը դէպի Քամերուն` Շրջանակային համաձայնագրի ստորագրման տասնամեակի առիթով։
Ըստ Պետական Քարտուղարութեան կողմէ` «X» հարթակի վրայ հրատարակուած պաշտօնական յայտագիրին, Գերապայծառ Կալլակէրը այսօր հանդիպում կ՛ունենայ Երկրին Արտաքին Գործոց նախարար` Lejeune Mbella Mbellaի հետ, որմէ ետք կ՛այցելէ Քամերունի Վարչապետ Joseph Dion Ngute-ն ապա հանդիպում կ՛ունենայ Քամերունի եպիսկոպոսներուն հետ։
Շաբաթ` 16 նոյեմբերին Գերապ. Կալլակէր պատարագ կը մատուցէ «Marie Reine des Apötres de Mvolye», կրցեր Պազիլիքային մէջ ապա Երկուշաբթի` 18 նոյեմբերին Ան կը հանդիպի Քամերունի Հանրապետութեան նախագահ` Paul Blya-ի հետ ապա Եաունտէի «Université Catholique d’Afrique Centrale» համալսարանին մէջ ան պիտի ներկայացնէ դասախօսութիւն մը հուսկ նոյն համալսարանէն պիտի ստանայ «Պատուոյ վկայականը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ