Որոնել

2023.11.23 Albero di Natale

Սուրբ Ծնունդը Վատիկանի մէջ․ Սուրբ Ծննդեան Մսուրը Կրատոյէն է, իսկ տօնածառը Լետրոյէն

Վատիկան Պետութեան Կառավարութեան մամլոյ հաղորդագրութիւնէն յայտնի դարձած է Սուրբ Ծննդեան տօներու առթիւ Սրբազան Քահանայապետին կատարուած երկու նուէրներու ծագումը. Մսուրը Կրատօ, իսկ 29 մեթր երկարութեամբ եղեւնին Լետրօ քաղաքներու քաղաքապետարաններու կողմէն են։ 7 Դեկտեմբերի առաւօտեան, նախատեսուած է ունկնդրութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին հետ, իսկ աւելի ուշ՝ ժամը 17.00ին տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Ծննդեան մեծ տեսարանի եւ տօնածառի աւանդական բացումը եւ լուսաւորումը՝ Կարդինալ Վերկէսին հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Կրատոն՝ Կորիցիա նահանգի կարեւոր ծովածոցային կենդրոնը, հարուստ պատմութեամբ եւ աւանդոյթներով, այս տարի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ պիտի տեղադրէ Սուրբ Ծննդեան Մսուրը, ուր վերարտադրուած է քսաներորդ դարի սկզբին ծովածոցային քաղաքին եւ ձկնորսներու կեանքին բնորոշ դրուագ մը։ Տարբեր մասնագիտութիւններու եւ արհեստներու գծով շուրջ 40 կամաւոր փորձագէտներու կողմէ իրականացուած այդ աշխատանքը, կը ներառէ տեղական բուսականութեան եւ թռչնաֆաունայի տեսարաններ, ինչպէս նաեւ քաղաքի մշակոյթը ներկայացնող խորհրդանիշներ:

Մինչ, 29 մեթր բարձրութեամբ հոյակապ կարմիր եղեւնին, որ պիտի վեր խոյանայ Սուրբ Ծննդեան Մսուրի կողքին, Թրենթօ Նահանգի Լետրօ քաղաքէն է, որ յայտնի դարձած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի պատմական ժառանգութիւն հանդիսացող բրոնզէ դարի տուներու շնորհիւ։ Եղեւնին ընտրուած է անտառտնտեսութեան կայուն զարգացման չափանիշներուն համապատասխան։

Տօներու ընթացքին Վատիկանի մէջ պիտի ցուցադրուին այլ ծառեր եւս, որոնք զարդարուած են Լետրոյի եւ հարակից շրջաններու ընկերակցութիւններու եւ քաղաքացիներու կողմէ:

Շաբաթ օրը՝ 7 Դեկտեմբերի առաւօտեան, նախատեսուած է ունկնդրութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին հետ, իսկ Սուրբ Պետրոս Հրապարակին վրայ, երեկոյեան ժամը 17.00-ին տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Ծննդեան մեծ տեսարանի եւ տօնածառի աւանդական բացումը եւ լուսաւորումը։ Արարողութիւնը պիտի գլխաւորէ Վատիկան Պետութեան Կառավարութեան Նախագահ Կարդինալ Ֆերնանտօ Վերկէս Ալծական, ներկայութեամբ նոյն Կառավարութեան Ընդհանուր Քարտուղար Քոյր Ռաֆֆաելլա Փեթրինիին։

Կրատոյի Մսուրը եւ Լետրոյի տօնածառը պիտի ցուցադրուին մինչեւ 12 Յունուար 2025 թուականը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2024, 11:18