Կարդինալ Փարոլին. Թրամփին իմատութիւն կը մաղթենք ու թող յաղթահարուին բեւեռացումները
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկա
Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիթրօ Փարոլին, Հռոմի Գրիգորեան քահանայապետական համալսարանի մէջ տեղի ունեցած միջոցառումի մը ծիրէն ներս մեկնաբանեց Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահի ընտրութիւնը. «Մենք յոյսով ենք, որ Ան իսկապէս վերջ կը դնէ պատերազմներուն» ըսաւ Ծիրանաւորը նկատել տալով թէ «նորընտիր նախագահն ալ կախարդական գաւազան մը չունիհակամարտութիւնները աւարտելու համար» ու թէ «կարիքը կայ համբերութեան»։
Կարդինալ Փարոլին նորընտիր նախագահին մաղթեց «իմաստութիւն» ընդգծելով ամերիկեան հասարակութեան մէջ բեւեռացումի յաղթահարման կարեւորութիւնը ու յոյս յայտնեց, որ Թրամփը կարողանայ օգնել համաշխարհային հակամարտութիւններու խաղաղացման ուկարեւորեց խոնարհութեան եւ պատերազմներուն վերջ դնելու պատրաստակամութեան անհրաժեշտութիւնը, մատնանշելով, որ պէտք է փնտռել մարդկութեան ընդհանուր շահերը եւ ոչ թէ կեդրոնանալ անձնական շահերու վրայ։
Ինչ կը վերաբերի Աշխարհի մէջ պատերազմներուն, Կարդինալ Փարոլին հրաւիրեց դիտարկելու Թրամփի առաջարկները` զոր Ան պիտի առաջարկէ պաշտօնը ստանձնելէն ետքը, ապա ուշադրութիւնը հրաւիրեց գաղթականներուն վերաբերեալ Պապին դիրքորոշումին վրայ, մաղթելով խելամիտ եւ մարդասիրական քաղաքականութիւն վարել փոխան զանգուածային տեղահանութիւններու։
Կարինալ Փարոլին գնահատեց ապա նորընտիր Նախագահին կեանքը պաշտպանելու եւ վիժումը դատապարտելու կեցուածքը ապա վստահեցուց, որ Սուրբ Աթոռի եւ Ամերիկեան վարչակազմին միջեւ յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին ըլլալ կառուցողական, ինչպէս տեղի ունեցաւ Թրամփի նախորդ նախագահական շրջանին առիթով։
Վատիկանի Պետական քարտուղարը, անդադարձաւ նաեւ Չինաստանի հետ երկխօսութեան, ընդգծելով որ Վատիկանը վերանորոգեց եւ զորս տարիով երակարաձգեց եպիսկոպոսներու նշանակման համաձայնագիրը, նշելով որ այդ յարաբերութիւնները պայմանաւորուած են ոչ թէ քաղաքական այլ եկեղեցական նկատառումներով։ Կարդինալ Փարոլին կրկնեց` որ Չինաստանի հետ երկխօսութիւնը կը շարունակուի թէպէտ փոքրիկ քայլերով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ