Որոնել

2024.11.22 Il cardinale Pietro Parolin all'Università "Lumsa" (22-11-2024)

Ուքրանիոյ մէջ մտահոգիչ զարգացումներ` կանգ առնենք նախ քան աղէտը. Կարդինալ Փարոլին

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը Լումսա համալսարանի մէջ գիրքի մը ներկայացումին իր մասնակցութեան ծիրէն ներս առիթը ունեցաւ զրուցելու լրագրողներուն հետ ու մեկնաբանելու որոշ հարցերու հայոյ Սուրբ Աթոռին դիրքորոշումը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Մեզ կը հետաքրքրէ որ պատերազմը շուտով աւարտի» այսպէս պատասխանեց Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը լրագրողներուն Միջազգային քրէական դատարանի Նեթանիահուի եւ Կալանթի դէմ ձերբակալման գիրին հայող հարցումին, ապա զօրեղ կոչ ուղղեց Ուքրանիոյ մէջ զարգացումներուն ի տես` «կանգ առնելու, նախ քան աղէտը»։ Ան մեկնաբանեց նաեւ Քահանայապետին խօսքերը հայող Կազային բացատրելով որ Ֆրանչիսկոս Պապը արտայայտեց այն ինչ որ Սուրբ Աթոռին դիրքորոշումն է այսինքն պէտք ուսումնասիրել ու քննարկել եթէ Կազայի մէջ պատահածը կարելի է սահմանել «ցեղասպանութիւն» եզրին թեխնիքական եւ իրաւական հասկացողութեամբ։ Կարդինալ Փարոլինը այս մտքերը արտայայտեց Հռոմի Լումսա համալսարանի մէջ` Փրոֆ. Մաթիու Ֆորտի «Առանձնութեան հովուական խնամքը. Նոր առաջարկ» բնաբանով գիրքի ներկայացումին իր մասնակցութեան ծիրէն ներս առիթը ունենալով զրուցելու մի քանի լրագրողներուն հետ` ուրբաթ 22 նոյեմբերի առաւօտեան։

Ծիրանաւորը Սրբազան Պապին միտն ու մտահոգութիւնը արտայայտելով հրաւիրեց «կանգ առնել հիմա, երբ տակաւին ժամանակ ունինք, որովհետև չեն գիտեր, թէ ուր կը հանգեցնէ մագլցումը Ուքրանիոյ մէջ... Որոշ պահէն ետք մենք այլևս պիտի չգիտնանք ինչպէս վերահսկել այս իրավիճակի հնարաւոր զարգացումին վրայ» դիտել տուաւ Փարոլինը կոչ ընելով` «պատասխանատուներուն կանգ առնել նախքան անուղղելիին հասնիլը»:

Ան ապա վերահաստատեց Սուրբ Աթոռին աջակցութիւնն ու յանձնառումը միջնորդ ըլլալու յատկապէս գերիներու փոխանակումի գործին մէջ ու նաեւ հարթակ պատրաստելու որպէսզի հասնին բանակցութիւնները։

Ան ի միջի այլոց դատապարտեց նաեւ հակասեմականութիւնը հաստատելով որ Սուրբ Աթոռը այս ըրած է ու պիտի շարունակէ ընել նաեւ ապագային։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2024, 12:13