2024.09.19 I vincitori premio Ratzinger 2024

2024ի Ռացինկերեան մրցանակի դափնեկիրներն են Փրոֆեսոր Սիրիլ Օ'Ռեկանը եւ Քանդակագործ Էդսուրօ Սոդուն

Ֆրանչիսկոս Պապը Առաքելական Պալատէն ներս ընդունեց Հայր Լոմպարտին եւ մրցանակակիրները, մինչ յետմիջօրէին՝ ժամը 17:00-ին Առաքելական Պալատի Ռէճիա անուան դահլիճէն ներս պիտի կայանայ մրցանակի տուչութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը՝ Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի նախագահութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Ուրբաթ՝ 22 Նոյեմբեր 2024ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Առաքելական Պալատէն ներս ի շարս այլոց ընդունեց «Ժոզէֆ Ռացինկեր- Պենետիկտոս ԺԶ Հիմնարկի» Նախագահ եւ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակի երբեմնի Տնօրէն Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին՝ համանուն Հիմնարկի մրցանակակիրներուն հետ միասին։

Մինչ յետմիջօրէին՝ ժամը 17:00-ին Առաքելական Պալատի Ռէճիա անուան դահլիճէն ներս պիտի կայանայ մրցանակի տուչութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը՝ Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի նախագահութեամբ։

2024 թուականին Ռացինկերեան մրցանակի դափնեկիրներն են Նոթր Տամի համալսարանի (ԱՄՆ) աստուածաբանութեան Փրոֆեսոր Սիրիլ Օ'Ռեկանը եւ սպանաբնակ ճափոնցի քանդակագործ Էդսուրօ Սոդու։ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիին ողջոյնի խօսքէն ետք, Աւետարանութեան Վերատեսչութեան Համա-վերատեսուչ եւ 2025ի Յոբելեանի պատասխանատու` Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան եւ Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդի Պատուաւոր Նախագահ Կարդինալ Ճանֆրանքօ Ռավազին պիտի ներկայացնեն մրցանակակիրները։ Արարողութիւնը ուղիղ եթերով պիտի հեռարձակուի Հիմնարկի ֆեյսպուքեան էջով։

Աստուածաբան Սիրիլ Օ'Ռեկան

Սիրիլ Օ'Ռեկանը, ծնած է Իռլանդա, 1952 թուականին, Միացեալ Նահանգներու Նոթր Տամի համալսարանի աստուածաբանութեան ամպիոնի փրոֆեսոր է։ Անոր ուսումնասիրութիւններու հիմնական ուղղութիւններն են Համակարգային աստուածաբանութիւնը եւ Քրիստոնէութեան պատմութիւնը։ Բազմաթիւ յօդուածներու եւ շարք մը աշխատութիւնների հեղինակ է եւ այս պահուն ընթացքի մէջ է «Նիումըն եւ Ռացինկեր» նոր հրատարակութիւնը։ Բացի այդ ունի շարք մը յօդուածներ նուիրուած Պենետիկտոս ԺԶի գործին եւ ուսմունքին։ Մեծապէս գնահատուած է ուսանողներու կողմէ՝ վերջիններուս նկատմամբ ցուցաբերած ուշադրութեան համար։

Քանդակագործ Էդսուրօ Սոդու

Էդսուրօ Սոդուն ծնած է Ճափոնի Ֆուքուոքա քաղաքին մէջ, 1953 թուականին: Աւարտած է Քիոթոյի համալսարանի կերպարուեստի բաժինը: 1978 թուականին, Պարչելոնա այցելութեան ընթացքին տպաւորուելով «Սակրատա Ֆամիլիա» Պազիլիքայի կառուցմամբ, խնդրած է աշխատիլ հոն որպէս քանդակագործ՝ դառնալով գլխաւոր ճարտարապետներէն մին։ Հետագային դարձի եկած է քրիստոնէութեան եւ մկրտուած։ Որպէս Կաուտիի ջերմեռանդ նուիրեալ՝ ինքզինքը նուիրած է անոր սրբադասման գործին: Աշխատած է նաեւ Իտալիոյ մէջ՝ 2015ին Ֆիրենցէի Սանթա Մարիա Տէլ Ֆիորէ Տաճարին մէջ ստեղծելով ամպիոն։ Առաջին արեւելեան ասիացին է եւ առաջին քանդակագործը, որ արժանացած է Ռացինկերեան մրցանակի։ Յիշեցնենք, որ Պենետիկտոս ԺԶ Պապը 2010 թուականին Պարչելոնա կատարած ուղեւորութեան ատեն օծած է «Սակրատա Ֆամիլիա» Տաճարը՝ բարձր գնահատանք արտայայտելով Անթոնի Կաուտիի կերպարի եւ արուեստի նկատմամբ։

 

Նշենք թէ «Ժոզէֆ Ռացինկեր-Պենետիկտոս ԺԶ Հիմնարկը» հիմնուած է Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետի կողմէ 2010-ին՝ ունենալով որպէս նպատակակէտ Աստուածաբանութեան ճանաչումի ու ուսումնասիրութեան զարգացումը, մշակութային եւ գիտական խորհրդաժողովներու կազմակերպութեամբ։ Ռացինկերեան մրցանակը՝ Հիմնարկի գլխաւոր նախաձեռնութիւններէն մին է։ Ան, 2011էն սկսեալ, կը շնորհուի գիտնականներու, որոնք յատկանշուած են գիտական հետազօտութիւններու ասպարէզէն ներս իրենց առանձնայատուկ արժանիքներով։ 2017էն սկսեալ մրցանակը աստուածաբանական ու գիտական ծաւալէն անդին Ֆրանչիսկոս Պապի ցանկութեամբ կը շնորհուի նաեւ արուեստագէտներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2024, 10:00