Իտալիայէն եւ աշխարհէն շուրջ քսան բանաստեղծներ կը քալեն Սուրբ Ֆրանչիսկոսի հետքերով
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Սուրբ Ֆրանչիսկոսի յայտնի «Արարածներու Երգը» այս տարի կը բոլորէ իր 800ամեակը։ Այդ առթիւ Դեկտեմբերի 2էն 4ը Իտալիայէն եւ աշխարհէն շուրջ քսան բանաստեղծներէն բաղկացած խումբ մը պիտի համախմբուի «Nel nome del Cantico - Յանուն Արարածներու Երգի» խորագիրով արտասովոր միջոցառման առիթով, որ նախաձեռնած է Սուրբ Աթոռի Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութիւնը՝ համագործակցութեամբ «Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի մահուան 800ամեակի տօնակատարութիւններու» իտալական կոմիտէին՝ Յոբելենական Սուրբ Տարուան (2025) եւ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի մահուան կապակցութեամբ տօնակատարութիւններուն (2026) ընդառաջ։
Յիշեցնենք, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականը՝ ստորագրուած Ասսիզիի մէջ, ներշնչուած է «Արարածներու Երգը» ստեղծագործութենէն։
Ահաւասիկ այդ 3 օրերու ընթացքին նախատեսուող 4 կարեւոր հանդիպումները.
2 Դեկտեմբեր․
- Առաւօտեան բանաստեղծներու համար նախատեսուած գիտաժողով-հանդիպում Վատիկանի Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութեան նստավայրին մէջ: Մասնաւոր հանդիպում՝ խթանելու համար ֆրանչիսկեան արժէքներով ոգեշնչուած նոր գրական ստեղծութիւնները:
- Յետմիջօրէին ժամը 17.00ին՝ հանրային ընթերցանութիւն «San Francesco a Ripa» եկեղեցւոյ մէջ։ Միջոցառումը բաց է հանրութեան, որուն ծիրէն ներս բանաստեղծները կը կարդան բնութեան, հոգեւորութեան եւ մարդկային կապին հայող իրենց ստեղծագործութիւնները։
3 Դեկտեմբեր․
- Ուխտագնացութիւն Ասսիզի. բանաստեղծները կը հրաւիրուին քալելու Սուրբ Ֆրանչիսկոսի հետքերով՝ ոգեշնչուելով այն վայրերէն, որոնք կեանք տուած են գրական եւ հոգեւոր աւանդութեան ամէնէ սիրուած գործերէն մէկուն։
4 Դեկտեմբեր․
- ժամը 12.00ին՝ մասնակցութիւն «Più Libri Più Liberi – Շատ Գիրքեր Շատ Ազատութիւն» (EUR, La Nuvola համաժողովներում կեդրոն, «Sala Elettra» դահլիճ) հռոմէական միջոցառման․ Իտալիոյ մայրաքաղաքի փոքր եւ միջին հրատարակութիւններու ազգային տօնավաճառի ծիրէն ներս, պիտի կայանայ հանրութեան համար բաց երկխօսութիւն՝ Յանուն Արարածներու Երգի փորձառութիւնն ապրած բանաստեղծներու մասնակցութեամբ։
Ամփոփելով նշենք, որ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի մահուընէ (3 Հոկտեմբեր 1226) երկու տարի առաջ թուագրուած յայտնի «Արարածներու Երգը» մինչ օրս կը շարունակէ ոգեշնչել սերունդներուն՝ բոլոր արարածներու նկատմամբ սիրոյ եւ յարգանքի իր համընդհանուր պատգամով։ Աւելցնենք նաեւ, որ «Յանուն Արարածներու Երգը» միջոցառումի նպատակն է նախ եւ առաջ յարգել Սուրբ Ֆրանչիսկոսի ժառանգութիւնը՝ ապա անոր միջոցաւ խթանել բանաստեղծական ներշնչումի շուրջ երկխօսութիւնը, ընդգծել ներելու ունակութիւնը եւ դուրս ելլել չարին չարով պատասխանելու յաջորդականութենէ, որ այսօր կը վշտացնէ աշխարհը եւ շատերուն կեանքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ